Հինգշաբթի, 31. 07. 2025

spot_img

Հայաստան Տեղափոխուած Սուրիահայերու Հիմնախնդիրներուն Լուծումներ Տալու Համար Ստեղծուած Են Աշխատանքային Խումբեր

2016 թուականին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը շարունակած է Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերու համարկումը` կեցութեան, կրթութեան, առողջապահութեան, աշխատանքի տեղաւորման եւ այլ հարցերու լուծման միջոցով: Մշակուած եւ կատարելագործուած են համագործակցութեան մեքանիզմներ, կը գործէ միջգերատեսչական յանձնաժողով, աշխատանքային խումբ, արագ արձագանգման խումբ եւ թէժ գիծ:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` հիմնախնդիրներուն լուծումներ տալու համար ստեղծուած են աշխատանքի տեղաւորման, կրթական, առողջապահական, բնակարաններու հիմնախնդիրներով զբաղող 4 աշխատանքային խումբեր` նախարարութեան, ՄԱԿ-ի փախստականներու երեւանեան գրասենեակի, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ: Իրականացուած են տասնեակ ձեռնարկներ, հանդիպումներ, քննարկումներ, ապահովուած է յետադարձ կապ, մասնաւորապէս.

  • ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութիւնը կազմակերպած են «Սիրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանում» աւանդական դարձած 5 բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառներ:
  • Կազմակերպուած է շուրջ 200 սուրիահայ երեխաներու ամառնային հագիստը Հայաստանի տարբեր ճամբարներու մէջ:
  • Սուրիահայ գործարարները մասնակցած են տարբեր ցուցահանդէսներու, անոնց համար կազմակերպուած են գործարար դասընթացներ, հանդիպում ՀՀ վարչապետին հետ:
  • ՀՀ կառավարութեան, ՀԲԸՄ-ի եւ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան համաֆինանսաւորմամբ փոխհատուցուած է ՀՀ բարձրագոյն եւ միջին մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւններու մէջ ուսանող 436 սուրիահայ ուսանողներու 2016-2017 ուսումնական տարուան առաջին կիսամեակի ուսման վարձերուն 70 տոկոսը:
  • Տեղի ունեցած է Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատես­չական յանձնաժողովի 8 նիստ, ուր քննարկուած եւ լուծումներ ստացած են աւելի քան 30 հարցեր:
  • ՀՀ Նախագահի յանձնարարութեամբ 30 թոն բեռ 2 ռուսական օդանաւով տեղափոխուած է Սուրիա:
  • Բարերարներու օժանդակութեամբ աջակցութիւն կը ցուցաբերուի Հալէպի որբանոցին եւ ծերանոցին:
  • Շարունակուած են (յատկապէս ԱՄՆ-ի մէջ) դրամահաւաքները եւ ատոնք ուղղուած են Սուրիոյ դպրոցներու գործունէութեան ապահովման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ 600-է աւելի մարդոց բնակարանի վարձի հատուցման:
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին