ԼՂՀ Ազգային ժողովը հաւանութիւն տուած է սահմանադրական բարեփոխումներու նախագծին: NEWS.am–ի հետ զրոյցի ընթացքին ԼՂՀ ԱԺ փոխխօսնակ Վահրամ Բալայեան նշած է, որ փոփոխութիւններու նախագիծին կողմ քուէարկած են 20 պատգամաւորներ, 7-ը դէմ, մէկ պատգամաւոր ալ` ձեռնպահ:
Հանրաքուէ իրականացնելու մասին ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի հրամանը, ըստ Բալայեանի, պիտի ըլլայ մօտ օրերս` ամենայն հաւանականութեամբ` Յունուար 19-ին: «Իսկ հանրաքուէն, հաւանաբար, կայանայ Փետրուար 20-ին»,– ըսած է Վահրամ Բալայեան: