Հինգշաբթի, 31. 07. 2025

spot_img

Արփինէ Յովհաննիսեան Սթրազպուրկի Մէջ Ներկայացուցած է ՀՀ-ի Ժողովրդավարական Բարեփոխումները

Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեան Յունուար 16-ին մասնակցած է «2015-2018 ԵԽ-Հայաստան գործողութիւններու ծրագիր. ձեռքբերումներ եւ հեռանկարներ» խորագիրով հանդիպման: Նախարարը  շնորհակալութիւն յայտնած է Եւրոպայի խորհուրդին հանդիպումը կազմակերպելու համար եւ ամփոփ ներկայացուցած ՀՀ-ի ժողովրդավարական բարեփոխումներու ոլորտին մէջ արդէն իսկ իրականացած աշխատանքները: Այս մասին կը հաղորդեն Արդարադատութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան կեդրոնէն։

Արփինէ Յովհաննիսեան անդրադարձած է Հայաստանի համար նախատեսուած 2015-2018 Գործողութիւններու ծրագիրին, Սահմանադրական բարեփոխումներուն յաջորդած գործընթացներուն, ինչպէս նաեւ ՀՀ Նախագահի կարգադրութեամբ հաստատուած դատա-իրաւական բարեփոխումներու 2012-2016 թուականներու ռազմավարական ծրագիրին: Այդ ծիրէն ներս՝ նախարարը առանձնացուցած է շարք մը կարեւոր ձեռքբերումներ, մասնաւորապէս, դատաւորներու միջեւ գործերու բաշխման ելեկտրոնային կառուցակազմի ներդրում, դատաւորներու գործունէութեան գնահատման առարկայական չափորոշիչներու սահմանում եւ այլն:

Հանդիպման ընթացքին նախարարը ներկայացուցած է նաեւ վերջին 2 տարիներուն ընթացքին ՀՀ-ի մէջ փտածութեան դէմ պայքարի ոլորտին մէջ իրականացուած աշխատանքներն ու արդարադատութեան ոլորտի զարգացման ուղղուած հեռանկարները:

Արփինէ Յովհաննիսեան կրկին շնորհակալութիւն յայտնած է ԵԽ երեւանեան գրասենեակին՝ տարբեր ոլորտներու մէջ արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար եւ ընդգծած, որ ՀՀ կառավարութիւնը բարձր կը գնահատէ նոր ծրագիրներու մեկնարկի հնարաւորութիւնը` Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու իրականացումը արդիւնաւէտ շարունակելու նպատակով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին