Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ու Քաղաքական Ժողովներու Նիստեր Անթիլիասի Մայրավանքէն Ներս

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ յառաջիկայ օրերուն Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս յաջորդաբար տեղի պիտի ունենան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու լիակատար նիստեր։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կանոնագրութեան համաձայն Կրօնական Ժողովը պիտի քննարկէ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան առընչուած կրօնական բնոյթ ունեցող աշխատանքներ ու ծրագիրներ. իսկ Քաղաքական Ժողովը՝ տնտեսական, վարչական, շինարարական եւ ընդհանրապէս ոչ-կրօնական բնոյթի հարցեր ու աշխատանքներ։

Ժողովական աշխատանքներու ընթացքին յատուկ ուշադրութեան նիւթ պիտի դառնայ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի, կրօնական դաստիարակութեան, երիտասարդութեան, ընկերային ծառայութեան եւ եկեղեցի-ժողովուրդ յարաբերութեանց հետ աղերս ունեցող աշխատանքներ։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին