Հինգշաբթի, 31. 07. 2025

spot_img

Ցեղասպանութիւն Չկայ, Փոխարէնը 1 Դար Հայերու Թաղած Ոսկիները Փնտռող Միլիոնաւոր Մարդիկ Կան. Թուրք Մտաւորականը Հեգնած է Փայլանը Դատապարտողները

Թուրք թատերագէտ եւ սիւնակագիր Հիլալ Նեսինը Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի` ցեղասպանութիւն բառի գործածման համար խորհրդարանի յառաջիկայ 3 նիստին մասնակցելու իրաւունքէ զրկուելէ ետք, Թուիթըրի (Twitter) իր էջին մէջ գրառումով հեգնած է Թուրքիոյ մէջ ցեղասպանութիւնը հերքողները:

Հիլալ Նեսինի գրառումը ըստ tert.am-ի կը ներկայացնենք ստորեւ.

«Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութիւն չկայ, փոխարէնը կայ «հայու դիակի պէս ծանր» արտայայտութիւնը:

«Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութիւն չկայ, փոխարէնը երկրի ամբողջ տարածքին մէջ կան հայերու կառուցած դպրոցները, եկեղեցիները …

«Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութիւն չկայ, փոխարէնը մէկ դար շարունակ հայերու թաղած ոսկիները փնտռող միլիոնաւոր մարդիկ կան:

«Հայ ըլլալու համար սպանուած Հրանդ Տինքը կայ, անմեղ տեղը բանտ նետուած Սեւան Նշանեանը (գրող, մտաւորական) կայ, բայց հայկական կոտորած չկայ:

«Այս գրութիւնը գրելուս համար քիչ անց ինծի անձնական նամակով «վայ դուն հայու սերմ, հայու ապօրինածին» գրողներ պիտի ըլլան, սակայն հայկական կոտորած չկայ:

«Սորվեցէ՛ք ապրիլ առանց կեղծիքի:

«Հարցուցէ՛ք դուք ձեզի. «Առանց կոտորածի ապրած գոնէ մէկ տարի ունի՞նք»:

Յիշեցնենք, որ Կարօ Փայլան խորհրդարանին մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ նախագիծի քննարկման ժամանակ յիշեցուցած էր նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Փայլան, մասնաւորապէս, նշած էր, որ երկրին անհրաժեշտ է այնպիսի Սահմանադրութիւն, որ պաշտպանէ Թուրքիոյ բազմակրօն ու բազմաէթնիկ հասարակութեան բոլոր շերտերուն իրաւունքները:

Փայլան յիշեցուցած էր, որ Թուրքիոյ մէջ Սահմանադրութեան առաջին օրինակը կազմուած է հայերուն կողմէ, եւ ընդգծած, որ երկիրը ընկղմուեցաւ քաոսի մէջ, երբ իշխանութիւնները սկսան ներկայացնել միայն թուրքերուն շահերէն բխող Սահմանադրութեան օրինակներ, ինչպէս եւ հիմա:

«Այդ քաոսային շրջանին մէջ մենք կորսնցուցինք չորս ազգ` հայերը, յոյները, ասորիները եւ հրեաները, որոնք մեծ կոտորածներու եւ ցեղասպանութիւններու հետեւանքով այս հողերէն կա՛մ աքսորուած են, կա՛մ տանջանքներու ենթարկուած»,- ըսած էր Փայլան:

Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» եւ «Ազգայնական շարժում» կուսակցութիւններու պատգամաւորները ընդհատած էին հայ պատգամաւորը` «դաշնակցականներու ահաբեկչութեան» եւ «հայերու ապստամբութիւններու» մասին վանկարկումներով, ու աղաղակած են անոր ելոյթի ընթացքին` սեղաններուն զարնելով: Փայլանը քննադատած են նաեւ ընդդիմադիր Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչները:

«Ցեղասպանութիւն» եզրոյթին համար Կարօ Փայլանը պատժած են` զրկելով յառաջիկայ 3 նիստերուն մասնակցելու իրաւունքէն: Փայլանի խօսքերը ջնջուած են նիստի արձանագրութիւններէն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին