Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը, հաղորդագրութեամբ մը անհիմն որակեց Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ տարածուած այն հաղորդագրութիւնը, ըստ որուն, հայկական կողմէն արձակուած կրակոցին պատճառով սպանուած է ազրպէյճանցի զինուոր Ֆիկրետ Բաշիրովը: «Ազրպէյճանական կողմին խորհուրդ կու տանք զինուորի մահուան պատճառները փնտռել իրենց բանակին մէջ տիրող միջանձնային ոչ կանոնադրական փոխյարաբերութիւներուն մէջ»,- ըսաւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի ղեկավարը: Միւս կողմէ, ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի ամբողջ երկայնքով հակառակորդը շարունակեց աշխուժօրէն խախտել զինադադարի պահպանման դրութեան՝ հրաձգային զինատեսակներէ բացի կիրառելով նաեւ ականանետեր: Արցախի յառաջապահ ստորաբաժանումները հակառակորդի աշխուժութիւնը ճնշելու համար որոշ հատուածներու մէջ դիմեցին պատասխան գործողութիւններու: «Յառաջնագիծի վրայ իրադրութեան յետագայ լարման հետեւանքներու ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ ազրպէյճանական կողմը։ Հակառակորդի կողմէ նման արարքներու շարունակման պարագային մեր կողմէ ձեռնարկուելիք գործողութիւնները կ’ըլլան աւելի խիստ» ընդգծեց Արցախի պաշտպանութեան բանակի ղեկավարը: