Հինգշաբթի, 31. 07. 2025

spot_img

Բանակի 25-Ամեակի Եւ Մայրենիի Տօնի Վերաբերեալ Նամակ Համայնքներուն

Հարգելի հայրենակիցներ,

Հայաստանի տօնացոյցին մէջ Յունուարի 28-ը կը նշուի որպէս Հայոց բանակի տօն։ Այս տարին յոբելեանական է եւ մենք ազգովին պիտի նշենք բանակի կազմաւորման 25-ամեակը։ Այս 25 տարիներու ընթացքին մենք կրցանք ստեղծել հզօր, կուռ եւ մարտունակ բանակ, որ անկասկած, համայն հայութեան հպարտութիւնն է, մեր յաղթանակներու ու վերածնունդի մարմնաւորումը, մեր անվտանգութեան եւ անկախութեան երաշխաւորը, մեր յաջողութիւններու անառարկելի գրաւականը։  Հայ զինուորն ու սպան, իրենց անմնացորդ նուիրումով, անձնուրաց գործողութիւններով ու սխրագործութիւններով, բարձր պատրաստուածութեամբ ու պատասխանատուութեամբ, անցած հերոսական ճանապարհով դարձեր են մեր խաղաղ ու ապահով կեանքի առհաւատչեան, մեր ուժն ու յենարանը։

Այս հրաշալի յոբելեանի առիթով, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ պիտի կատարուին բազմաթիւ միջոցառումներ։ Վստահ եմ, որ Սփիւռքի մէջ ապրող մեր հայրենակիցները, նոյնպէս, անմասն չեն մնար այս իրադարձութիւնը մեծ շուքով նշելու պատրաստակամութենէն։

Դիմելով Ձեզ՝ կը խնդրեմ եւ կը յորդորեմ կազմակերպել Հայոց բանակին ու հայ զինուորին նուիրուած համայնքային միջոցառումներ եւ հաւաքներ՝  ներգրաւելով յատկապէս երիտասարդական կազմակերպութիւնները եւ միութիւնները։ Համոզուած եմ, որ նման քայլը մեծապէս կը գօտեպնդէ եւ ա՛լ աւելի կ՛ոգեշնչէ հայոց սահմաններն անառիկ պահող մեր զինուորները եւ սպաները, կը նպաստէ հայ ինքնութեան ամրապնդման Սփիւռքի մէջ։

Կը տեղեկացնեմ  նաեւ, որ ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի, նոյնպէս, Փետրուարի 21-ին թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ պիտի նշուի Մայրենիի օրը, որ ե՛ւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ե՛ւ՛ Հայոց պետութեան կողմէն սահմանուած տօն է։ Չեմ կասկածիր, որ համայնքի կրթօճախներու մէջ այդ առիթով կը կազմակերպուին “Իմ քաղցր լեզու” խորագիրով շարադրութիւններու մրցոյթ, իսկ Ձեր կողմէն ներկայացուած լաւագոյն աշխատանքները կը խրախուսուին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէն (ելեկտրոնային հասցէ՝ allarmenian@mindiaspora.am)։ Հայոց լեզուին նուիրուած ձեռնարկները, միջոցառումները, ուսուցիչներու մեծարման երեկոները կրնան մեծապէս օգնել հայապահպանութեան անչափ կարեւոր գործին։

Յարգանքով՝ 

ՀՐԱՆՈՅՇ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին