Թուրք թատերագէտ եւ սիւնակագիր Հիլալ Նեսինը Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի` ցեղասպանութիւն բառի գործածման համար խորհրդարանի յառաջիկայ 3 նիստին մասնակցելու իրաւունքէ զրկուելէ ետք, Թուիթըրի (Twitter) իր էջին մէջ գրառումով հեգնած է Թուրքիոյ մէջ ցեղասպանութիւնը հերքողները:
Հիլալ Նեսինի գրառումը ըստ tert.am-ի կը ներկայացնենք ստորեւ.
«Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութիւն չկայ, փոխարէնը կայ «հայու դիակի պէս ծանր» արտայայտութիւնը:
«Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութիւն չկայ, փոխարէնը երկրի ամբողջ տարածքին մէջ կան հայերու կառուցած դպրոցները, եկեղեցիները …
«Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութիւն չկայ, փոխարէնը մէկ դար շարունակ հայերու թաղած ոսկիները փնտռող միլիոնաւոր մարդիկ կան:
«Հայ ըլլալու համար սպանուած Հրանդ Տինքը կայ, անմեղ տեղը բանտ նետուած Սեւան Նշանեանը (գրող, մտաւորական) կայ, բայց հայկական կոտորած չկայ:
«Այս գրութիւնը գրելուս համար քիչ անց ինծի անձնական նամակով «վայ դուն հայու սերմ, հայու ապօրինածին» գրողներ պիտի ըլլան, սակայն հայկական կոտորած չկայ:
«Սորվեցէ՛ք ապրիլ առանց կեղծիքի:
«Հարցուցէ՛ք դուք ձեզի. «Առանց կոտորածի ապրած գոնէ մէկ տարի ունի՞նք»:
Յիշեցնենք, որ Կարօ Փայլան խորհրդարանին մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ նախագիծի քննարկման ժամանակ յիշեցուցած էր նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Փայլան, մասնաւորապէս, նշած էր, որ երկրին անհրաժեշտ է այնպիսի Սահմանադրութիւն, որ պաշտպանէ Թուրքիոյ բազմակրօն ու բազմաէթնիկ հասարակութեան բոլոր շերտերուն իրաւունքները:
Փայլան յիշեցուցած էր, որ Թուրքիոյ մէջ Սահմանադրութեան առաջին օրինակը կազմուած է հայերուն կողմէ, եւ ընդգծած, որ երկիրը ընկղմուեցաւ քաոսի մէջ, երբ իշխանութիւնները սկսան ներկայացնել միայն թուրքերուն շահերէն բխող Սահմանադրութեան օրինակներ, ինչպէս եւ հիմա:
«Այդ քաոսային շրջանին մէջ մենք կորսնցուցինք չորս ազգ` հայերը, յոյները, ասորիները եւ հրեաները, որոնք մեծ կոտորածներու եւ ցեղասպանութիւններու հետեւանքով այս հողերէն կա՛մ աքսորուած են, կա՛մ տանջանքներու ենթարկուած»,- ըսած էր Փայլան:
Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» եւ «Ազգայնական շարժում» կուսակցութիւններու պատգամաւորները ընդհատած էին հայ պատգամաւորը` «դաշնակցականներու ահաբեկչութեան» եւ «հայերու ապստամբութիւններու» մասին վանկարկումներով, ու աղաղակած են անոր ելոյթի ընթացքին` սեղաններուն զարնելով: Փայլանը քննադատած են նաեւ ընդդիմադիր Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչները:
«Ցեղասպանութիւն» եզրոյթին համար Կարօ Փայլանը պատժած են` զրկելով յառաջիկայ 3 նիստերուն մասնակցելու իրաւունքէն: Փայլանի խօսքերը ջնջուած են նիստի արձանագրութիւններէն: