Չորեքշաբթի, 30. 07. 2025

spot_img

Հայաստանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Հնդկաստանի Օր»

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ «Հնդկաստանի օր» ձեռնարկը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ «Անհաւանական Հնդկաստան» խորագիրը կրող լուսանկարչական ցուցահանդէս, ուր ցուցադրուեցան Հնդկաստան այցելած հայերու կողմէ կատարուած աշխատանքները: Եղաւ փոքր տօնավաճառ, ուր մասնակիցները կրցան ձեռք բերել հնդկական ապրանքներ: Ձեռնարկի սկիզբը ու աւարտին ցուցադրուեցան հնդկական ֆիլմեր:  Հնդկաստանի դեսպանը, հնդկական բաղադրատոմսով ազգային ուտեստ պատրաստեց եւ հիւրասիրեց ներկաներուն: Ան նշեց, թէ ինք չէ փորձած հայկական խոհանոցի ճաշատեսակները: «Հայկական խոհանոցին մէջ շատ միս կ’օգտագործեն, իսկ ես բուսակեր եմ, այդ պատճառով չեմ փորձած հայկական կերակուր»,- ըսաւ դեսպանը: Ձեռնարկի կազմակերպիչ Լուսինէ Թորոեան յայտնեց, թէ արդէն 6-րդ տարի ըլլալով նման ձեռնարկներ կը կազմակերպուին, որպէսզի Հայաստանի մէջ ներկայացուի հնդկական մշակոյթը: «Մեր գործունէութեան նպատակն է հնդկական մշակոյթը ներկայացնել հայ հասարակութեան, եւ նոյնը կատարուի Հնդկաստանի մէջ: Կը փորձենք ստեղծել հարթակ մը, ուր կը կարենանք մեր բազմադարեան փորձով փոխանակուիլ, որովհետեւ շատ նմանութիւններ ունինք եւ շատ հետաքրքրական ծրագիրներ կրնանք իրականացնել»,-ըսաւ ան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին