Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Հազար Ու Մի Եկեղեցիներու Քաղաք Անին Վեհութիւն Կը Ներշնչէ Նաեւ Այսօր. Express

Այսօրուան Անին ուրուականներու քաղաք է: Հիմա այնտեղ միայն փլատակներ են, որոնք ցոյց կու տան հնագոյն Անիի փառքի ստուերը միայն: Արդէն մօտ 100 տարիէ այդ աւերակները աւելի շատ կը քանդուին, եւ քաղաքի աւերակ պատերէն ներս միայն քամին կը շրջի: Երբեմն-երբեմն հնագէտներ կը ժամանեն Անի, News.am-ի փոխամցմամբ՝ կը գրեն խորուաթական Express եւ սերպական B92 պարբերականները:

«Ժամանակին Անին յայտնի էր իբրեւ հազար ու մի եկեղեցիներու քաղաք: Կ’ենթադրուի, որ 11-րդ դարուն այնտեղ մօտ 100 հազար մարդ ապրած է: Հայ կառավարիչները յատկապէս կը նախընտրէին եկեղեցիներ կառուցել: Եւ թէեւ հազար ու մի եկեղեցին չափազանցութիւն է, հնագէտները գտած են առնուազն 40 տաճարային շինութեան հետք:

«Վարդագոյն եւ սեւ տուֆով կառուցուած Անիի  մայր տաճարը այժմ ալ  վեր կը յառնի քաղաքին վրայ: Անոր գմբէթը փլուզուած է 1319 թուականի երկրաշարժէն: Քանի մը տարի անց նոր երկրաշարժը կործանեց նաեւ տաճարին միւս մասը, բայց մինչեւ հիմա անիկա կը շարունակէ վեհութեան զգացում ներշնչել»:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին