Այսօրուան Անին ուրուականներու քաղաք է: Հիմա այնտեղ միայն փլատակներ են, որոնք ցոյց կու տան հնագոյն Անիի փառքի ստուերը միայն: Արդէն մօտ 100 տարիէ այդ աւերակները աւելի շատ կը քանդուին, եւ քաղաքի աւերակ պատերէն ներս միայն քամին կը շրջի: Երբեմն-երբեմն հնագէտներ կը ժամանեն Անի, News.am-ի փոխամցմամբ՝ կը գրեն խորուաթական Express եւ սերպական B92 պարբերականները:
«Ժամանակին Անին յայտնի էր իբրեւ հազար ու մի եկեղեցիներու քաղաք: Կ’ենթադրուի, որ 11-րդ դարուն այնտեղ մօտ 100 հազար մարդ ապրած է: Հայ կառավարիչները յատկապէս կը նախընտրէին եկեղեցիներ կառուցել: Եւ թէեւ հազար ու մի եկեղեցին չափազանցութիւն է, հնագէտները գտած են առնուազն 40 տաճարային շինութեան հետք:
«Վարդագոյն եւ սեւ տուֆով կառուցուած Անիի մայր տաճարը այժմ ալ վեր կը յառնի քաղաքին վրայ: Անոր գմբէթը փլուզուած է 1319 թուականի երկրաշարժէն: Քանի մը տարի անց նոր երկրաշարժը կործանեց նաեւ տաճարին միւս մասը, բայց մինչեւ հիմա անիկա կը շարունակէ վեհութեան զգացում ներշնչել»: