*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի նախօրեակին, երբ մշակոյթն ու հայ թատրոնը ոսկեդար կ’ապրէին, վաստակաշատ բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեան բեմադրեց Նիլ Սայմընի «Կոճատ Զոյգը» (The Odd Couple) նշանաւոր թատերգութիւնը, որ մեծ յաջողութեան արժանացաւ եւ մինչեւ այսօր ալ կը բեմադրուի աշխարհի չորս ծագերուն:
Այսօր, երբ կ’ապրինք 21-րդ դարու առաջին քսանամեակին, լիբանանահայ թատրոնի երիտասարդ եւ խիզախ բեմադրիչ Սուրէն Խտըշեան իր սահմանափակ միջոցներով եւ անսահման նուիրուածութիւն տածելով արուեստներու հնագոյն եւ վեհագոյն թատրոնին հանդէպ, բեմ կը բարձրացնէ Նիլ Սայմընի գլուխ գործոցը, 1985 թուականի իգական տարբերակով՝ իբրեւ Օլիվ Մատիսոն եւ ֆլուրանս Ունկայ:
«Թատերգութիւնը մտածել կու տայ հետեւեալ նոյն հարցին շուրջ.- Կրնա՞ն երկու ամուսնալուծուած կիներ նոյն յարկաբաժինին մէջ ապրիլ առանց զիրար բզքտելու:
Անշուշտ ոչ: Բայց աւելի կարեւոր հարցն այն է, թէ կրնա՞ն երկու ամուսնալուծուած կիներ նոյն յարկաբաժինին մէջ ապրիլ առանց զիրար բզքտելու, այլ ընկերներ մնալով: Պատասխանը Նիլ Սայմընի այս կատակերգութեան մէջն է : Հոն է, որ խօսուի ընկերութեան մասին: Լաւ ընկերները կը հասկնան զիրար՝ խենթութիւնները որքան ալ նեղացուցիչ ըլլան: Օլիվը եւ Ֆլորանսը այս իրավիճակը կը տանին ծայրահեղութեան եւ հոն է արդէն comedy-ն:
«Այս ներկայացումը ինծի մտածել տուաւ, թէ որքան բախտաւոր եմ որ ունիմ ընտանիք, ընկերներ որ տարիներու ընթացքին կողքիս կանգնեցան»,- թատերասէրներուն հրամցուած ծրագրին մէջ կը բացատրէ Սուրէն Խտըշեան:
Պէտք է խոստովանիլ, որ ամբողջապէս սիրողական դերասան-դերասանուհիներով այսպիսի բարդ հոգեբանական թատերգութիւն մը ներկայացնելը մեծ համբերութիւն եւ քաջութիւն կը պահանջէ: Սակայն, թատերգութեան երկու գլխաւոր հերոսուհիները՝ Օլիվ Մատիսոն (Գոհարիկ Քերոբեան), որպէս թափթփած, խելացի ու յեղափոխական կեանքով տիկին մը եւ Ֆլորանս Ունկար (Շաղիկ Մայիսեան), մաքրութեան եւ կարգ ու կանոն սիրող, ջղային պոռթկումներով ու «մելանքոլիկ» (մելամաղձոտ) անձնաւորութիւնը՝ շատ լաւ կատարեցին իրենց վստահուած դերերը, ուրախ եւ աշխոյժ մթնոլորտ մը ստեղծեցին Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ հիւրընկալուած թատերասէրներուն:
Յաջողած դերեր էին Մանօլօ եւ Խէսամ Քոմդազուելլա «Անզոյգ Զոյգ» եղբայրներուն դերերը ստանձնած Մանուէլ Թոքմաճեան եւ Մայքըլ Գուտուզեան, որպէս սպանացի գաղթական, տարօրինակ կենցաղով ապրող, բարի դերասաններ:
Օլիվ Մատիսոնի հիւրերու եւ խաղընկերներու դերեր ստանձնած Սիլվի (Սեդա Պօյաճեան), Միգի (Գոհար Պասմաճեան), Րէնէ (Կասիա Պէշտիքեան) Վերա(Սելինէ Գասարճեան) ճիգ ու ջանք չխնայեցին թատերգութեան յաջողութեան համար: Մէկ խօսքով, Լիբանանի եւ տարածաշրջանի համար այս շատ դժուարին ու բարդ օրերուն, երիտասարդ բեմադրիչ Սուրէն Խտըշեանի նախաձեռնութիւնը «Անզոյգ Զոյգը» բեմ հանելու եւ ներկայացնելու ի խնդիր, արժանի է ամէն գնահատանքի եւ նեցուկի, որպէսզի փողոցային մակարդակի հասնող լիբանանեան գռեհիկ թատերգութիւնները լաւ գիտնան թէ հայերն են, որ Լիբանանի թէ նախկին Օսմանեան Կայսրութեան մէջ, թատրոնի հիմնադիրներն եղած են: