«Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամը 2016-ին Արցախի ընտանիքներուն մէջ ծնած չորրորդ երեխաներուն պիտի յատկացնէ 4000-ական տոլար: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, այսօր Հադրութի շրջանի Ակնաղբիւր գիւղին մէջ յայտարարած է վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան:
Գործադիր իշխանութեան ղեկավարը՝ շարք մը գիւղերու մէջ՝ շնորհաւորած է 2016-ին ծնած երեխաներուն ընտանիքները, իսկ Հադրութի շրջանի Ակնաղբիւր գիւղին մէջ յայտարարած է, որ Յունուար 20-ին «Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամը 4000-ական տոլար պիտի յատկացնէ 2016-ի ընթացքին Արցախի ընտանիքներուն մէջ ծնած չորրորդ երեխաներուն:
Վարչապետը աւելցուցած է, որ Սամուէլ Կարապետեանի այս ծրագիրը ուժի մէջ պիտի ըլլայ 3 տարի շարունակ: Այսինքն` այն ընտանիքները, որոնք 2016-2018 տարիներուն ընթացքին ունենան իրենց չորրորդ երեխաները, «Տաշիր» հիմնադրամին կողմէ պիտի ստանան նշեալ գումարը: