Վանի հիմնական զբօսաշրջական կեդրոն համարուող Աղթամար կղզիին վրայ նոր եւ աւելի յարմարաւէտ նաւահանգիստ կառուցուած է: Թուրքական «Միլլիէթ» (Milliyet) թերթի փոխանցմամբ՝ Վանի Գեւաշի` կամ պատմական Ոստան քաղաքի քաղաքապետարանի պահանջով` Թուրքիոյ փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան նախարարութիւնը ձեռնամուխ եղած է Աղթամար կղզիին վրայ նոր նաւահանգիստի կառուցման։ Մէկ ամիս տեւած աշխատանքէ ետք աւարտին հասցուած է 4 մեթր լայնութեամբ ու 50 մեթր երկարութեամբ նոր նաւահանգիստը։ Կը նշուի, որ ամառը մեծ թիւով այցելուներ ունենալու պատճառով Աղթամար կղզիի երկու նաւահանգիստները չեն կրցած յարմարաւէտ ծառայութիւն մատուցել։ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին 915-921 թուականներուն կառուցուած է Վասպուրականի իշխան Գագիկ Արծրունիի պատուէրով` ճարտարապետ, քանդակագործ եւ նկարիչ Մանուէլի կողմէ։ Տաճարի արտաքին պատերը զարդարուած են 6 հորիզոնական շարք կազմող զարդաքանդակներով, որոնք չեն խախտեր պատերու հարթութիւնը։