Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Սփիւռքի Գործարարները Հետաքրքրուած Են Արցախի ՄԷջ Ներդրումներ Կատարելու Հարցով

Սփիւռքի գործարարները հետաքրքրուած են Արցախի մէջ ներդրումներ կատարելու հարցով: Այս մասին, ըստ Hayernaysor.am-ի, ասուլիսի մը ընթացքին նշած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան՝ ընդգծելով, որ գործարարներէն արձագանգներ կան եւ այժմ հետեւողական աշխատանք կը տարուի անոնց հետ:

«Արդէն ﬔզի յայտնի քանի մը գործարարներէ Սփիւռքի նախարարութիւնը ստացած է գրութիւններ, որ կ’ուզեն տեղեկանալ, թէ ի՞նչ հնարաւորութիւններ կան Արցախի մէջ ներդրումներ կատարելու համար, տնտեսութեան ո՞ր ճիւղերն են առաջնահերթ: Մենք սերտ կապի մէջ ենք Արցախի կառավարութեան եւ ներդրումային ծրագրերով զբաղող կառոյցներու հետ: Մենք քանի մը առաջարկ արդէն ներկայացուցած ենք, սակայն պէտք է նշել, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը, այդ իմաստով, կապող օղակ է»,- ըսած է Սերժ Սրապիոնեան:

Սփիւռքի նախարարի տեղակալը տեղեկացուցած է, որ նախարարութիւնը կը նախատեսէ Սփիւռքէն ժամանած եւ ներդրուﬓերու պատրաստ գործարարներուն համար տեղւոյն վրայ, Արցախի մէջ, ներդրումային ծրագիրներուն ծանօթանալու հնարաւորութիւն ստեղծել: Անոնց կը ներկայացուին այն ոլորտները, ուր կարելի է ներդրուﬓեր կատարել` նպաստելով Արցախի տնտեսութեան զարգացման:

«Արցախի կարեւորութեան գաղափարը ամուր նստած է ﬔր մէջ: Շատերը կը հասկնան, որ ատիկա պարզապէս ներդրում չէ, այդպիսով կը նպաստենք Արցախի հզօրացման: Ի դէպ, շեշտը պիտի դրուի նաեւ Արցախի զբօսաշրջութեան զարգացման վրայ: Զբօսաշրջութեան զարգացման տեսանկիւնէն Արցախը ﬔծ հնարաւորութիւններ ունի»,- աւելցուցած է Սերժ Սրապիոնեան:

Այս տարուան Յունիսին նախատեսուած է իրականացնել «Քեզ համար, Ղարաբաղ» մեծ փառատօն մը: Այս մասին, աւելցուցած է Սփիւռքի փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեան:

Անոր խօսքով` «Դուն ի՞նչ կ՝ընես Ղարաբաղի համար» շարժման ծիրէն ներս՝ Գերմանիոյ Պատէն-Վիւրթեմպերկ քաղաքի հայ համայնքը` հոգեւոր առաջնորդ Տիրատուր Սարդարեանի գլխաւորութեամբ՝ 25 թոն մարդասիրական բեռ հաւաքած է` մթերք, հագուստ, գրասենեակային ապրանքներ, որոնք պիտի հասցուին Լեռնային Ղարաբաղ:

«Շարժման տարածումը մեզի հիմք տուած է 2017-ը Ղարաբաղի տարի յայտարարելու: Ընթացիկ տարուան Յունիսին մենք կը նախատեսենք իրականացնել «Քեզ համար, Ղարաբաղ» մեծ փառատօն մը, որուն ծիրէն ներս ելոյթ պիտի ունենան Սփիւռքէն եկած խումբեր»,- նշած է Սրապիոնեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին