Վարչապետ Կարապետեան, արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած օտար պետութիւններու դեսպաններուն, միջազգային կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն ու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին ընթացքին կարեւոր նկատեց դիւանագիտական կազմին հետ նման ձեւաչափով պարբերական հանդիպումներու կայացումը` համագործակցութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման նպատակով եւ նշեց, որ կառավարութիւնը բաց է խորհուրդներու, քննադատութեան, առաջարկներու: «Համագործակցութենէն ակնկալիքներն ու սպասումները չափազանց մեծ են` սկսած ներդրողներէն, մասնագիտական մշակոյթէն, զբօսաշրջութենէն, որովհետեւ մենք, առանց հանրութեան, առանց աշխարհին համապատասխան ազդակներ յղելու, առանց ցոյց տալու, որ բաց ենք եւ կը սպասենք իրենց, պիտի չկարենանք մեր երկիրը զարգացնել: Այս առումով, մենք կ’ակնկալենք ձեր աջակցութիւնը»,- ըսաւ Կարապետեան: Ան նաեւ ընդգծեց, որ ներդրումային միջավայրի բարելաւման նպատակով կը նախատեսուի հարկային եւ մաքսային վարչարարութեան հոլովոյթի պարզեցում եւ ամբողջական անցում ելեկտրոնային համակարգին, ինչ որ պիտի նուազեցնէ փտածութեան վտանգները: Խօսելով փտածութեան դէմ պայքարին մասին` վարչապետը շեշտեց, որ կառավարութիւնը մնայուն ուշադրութիւն կը դարձնէ այս հարցին եւ հետեւողական քայլերու կը ձեռնարկէ փտածութեան ցուցանիշներու մակարդակը նուազեցնելու ուղղութեամբ: Անդրադառնալով յառաջիկային տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն` վարչապետը ըսաւ․«Մենք պատրաստակամ ենք ընելու ամէն ինչ, որպէսզի այս ընտրութիւնները ըլլան թափանցիկ»: