2016-ին, 2015-ի համեմատ, ՀՀ օդակայաններուն մէջ արձանագրուած է ուղեւորներու հոսքի 10.4 տոկոս աճ կամ ուղեւորներու հոսքի տարբերութիւնը կազմած է մօտ 200.000 մարդ:
2016-ի Յունուար-Դեկտեմբեր ամիսներուն Զուարթնոց օդակայանին ուղեւորներու հոսքը կազմած է 2.105.540 մարդ` 2015-ի ուղեւորներու հոսքը գերազանցելով 12 տոկոսով։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Քաղաքացիական թռիչքուղիներու գլխաւոր վարչութիւնը:
2016-ին Զուարթնոց օդակայանի ուղեւորներու հոսքը հատած է 2 միլիոնի շեմը` 1992-էն ի վեր արձանագրելով ամենաբարձր ցուցանիշը: 2016-ին Երեւանէն մեկնած են1.048.153 ուղեւորներ եւ ժամանած են՝ 1.057.387, իսկ 2015-ին մեկնածներուն թիւը կազմած է 944.373 ուղեւորներ, ժամանածներունը` 935.294:
2016-ին ժամանող ուղեւորներուն քանակը շուրջ 8500-ով գերազանցած է մեկնող ուղեւորներու քանակին: 2016 թուականի Դեկտեմբեր ամսուն ուղեւորներու հոսքը կազմած է 189.018 մարդ` արձանագրելով 23.4 տոկոս աճ նախորդ տարուան նոյն ամսուան ցուցանիշին համեմատ:
Զուարթնոց օդակայանին մէջ, 2016-ին, բեռնափոխադրումը կազմած է 18.269 թոն ապրանք, որ 80,4 տոկոսով աւելի է, քան 2015-ին:
2016-ին Զուարթնոց օդակայանին մէջ տեղի ունեցած է 9266 թռիչք-վայրէջ` արձանագրելով 2,8 տոկոս աճ նախորդ տարուան ցուցանիշներուն համեմատ:
Ութ ամսուան դադարէն յետոյ վերագործարկուած Կիւմրիի «Շիրակ» օդակայանին մէջ, 2016-ին, ուղեւարներու հոսքը կազմած է 12.421, բեռնափոխադրումը` 4.2 թոն ապրանք: 2016 թուականի Դեկտեմբեր ամսուն ուղեւորահոսքը կազմած է 2557 մարդ: