*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*
Երբ Սեւ Ծովի Ռիզէ քաղաքէն, Լազի եւ կրօնափոխ համշէնահայերու «խառնուրդ» «տեւշիրմէ», ինչպէս հանրապետական Թուրքիոյ հիմնադիր Քէմալ Աթաթուրք §Յակոբ Մարթայեանի կողմէ յորջորջուած…» եւ Օսմանեան սուլթաններու գրեթէ բոլոր չերքէզ, չէչէն, ռուս, պուլկարացի, հայուհի մայրերը կ’ապրէին միշտ պայթունավտանգ նախկին կայսրութեան եւ Գերմանից Պունթստագի հայասէր անդամ չերքէզ հօր եւ Պոնտոսի յոյն մօր զաւակ Էօզտէմիր Ճէմի խօսքերով «Կիւչիւճիւք» (պզտլիկ) դարձած «հանրապետութեան» մէջ: «Տէօնմէ»-ներու եւ «Տէրվիշիրմէ»-ներու այս պետութիւնը բաւական հմուտ ղեկավարութեամբ, կարողացաւ խուսափիլ Բ. Աշխարհամարտի կործանումէն, դառնալով իբր «պատուոյ» մերթ Խ. Միութեան եւ այսօրուան Ռուսիոյ, մերթ ալ որպէս «վախցնող խրտուիլակ» արաբական աշխարհի եւ այնտեղ զարգացող ազգայնական, անկախութեան շարժանման դէմ, ի նպաստ Իսրայէլի, Ուաշինկթընի կամ Թէլ-ԱւիւիՍիոնական հսկայական օժանդակութենէ մինչեւ այսօր:
Խ. Միութեան շրջանին Թուրքիա քանի մը անգամ կանգնեցաւ ձախակողմեան ուժերու կողմէ նախապատրաստող յեղափոխութեան եզրին, որոնք դաժանօրէն ճնշուեցան բանակին եւ անոր գլխաւոր աջակից, քեմալականներու MHP կողմէ: Անոնցմէ վերջինը 1980 թուականին էր, երբ բռնապետ Քենան Էվրէնի «խունթան» աւելի քան 100 000 Թուրքիոյ քաղաքացի կախաղան բարձրացուց, տանջամահ ըրաւ կամ «անյայտ» կորսնցուց լայնատարած Թուրքիոյ լեռներուն թէ հովիտներուն մէջ՝ «յատուկ» փորուած գերեզմաններու մէջ: Իսկ ինքը, անպատիժ բազմիցս քաղբանտարկեալ (կնոջ), նահատակ Այշէ Նուր Զայաքօլուին հետ) Ռագըպ Զարաքօլուի խօսքերով՝ . «Այդ արիւնարբուն հանգիստ «կը ննջէ Տան անկողինին մէջ…» ուր եւ մահացաւ եւ թաղուեցաւ զինուորական պատիւներով:
Էվրէնեան տանջարարները ճաշակեց նաեւ այսօր նախագահ դարձած, «թունդ» մահմետական- ծայրայեղական Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, որուն մասին կարգ մը պոլսահայեր գովքը հիւսելով կ’ըսէին, թէ իրենց կեանքին ամէնէն լաւ օրերը ապրած են «այս» մարդուն օրօք:
… Օսմանիզմի երազներով օրօրուող Էրտողան, իր բաւական փորձառու խորհրդականներով եւ այն ժամանակ նոյնպէս «տէօնմէ» կրօնափոխ էրզրումցի հայու զաւակ Ֆեթհալա Կիւլէնի աջակցութեամբ, կարողացաւ իբրեւ պաղեստինեան եւ արաբական արդար դատի «պաշտպան», սակայն թուրք նենգ դիւանագէտ, կարողացաւ Սուրիան տակնուվրայ ընելու ծրագիր մշակել: Թրքական հեռատեսիլային ֆիլմերու «սերիալներ» գեղեցկուհի «թրքուհիներով», որոնց մեծ մայրերը թուրք սուլթաններու հարէմներուն գերեվարուած ծաղիկներն էին, իբր թէ «մարդկային» «սենարիօ»-ներով շարունակական ուղեղի լուացման ենթարկեցին արաբական աշխարհը, մանաւանդ Սուրիան եւ Իրաքը: Օգտուելով ներքին դժգոհութիւններէն, Ասատներու վարչակարգին միահծան ու հատուածապաշտ քաղաքականութեան սխալներէն, Էրտողան… յաջողեցաւ արեան լիճի վերածել Միջին Արեւելքը, Արեւմուտքի անմիտ եւ կարճատես ղեկավարներու բացարձակ աջակցութեամբ: Միլիառաւոր եւրօներու եւ տոլարներու շահեր ապահովելով իր ընտանիքին, արաբ ու քիւրտ, եւրոպացի թէ ամերիկացի գործընկերներու համար, որոնք ստեղծեցին Տաէշ, Ճապհէթ Նուսրա ու քանի մը տասնեակ ահաբեկչական կազմակերպութիւններ, որոնց ոճիրներուն առջեւ գլուխ պիտի խոնարհէին Թիմուրլենկն ու Ճենկիզխանը, Ճէմալն ու Թալիաթը, Աթաթուրքն ու Բերիան, Հիթլերն ու իր վոհմակը, Իսհաք Շամիրն ու Նաթանիահուն:
Այսպիսով, օգտագործելով իր դէմ կազմակերպուած, բաւական կասկածելի բանակի պետական հարուածի ձախող փորձը, Էրտողան վայրագօրէն «ձերբազատուեցաւ» կիւլէնականներու եւ Տաւութօղլուի վերահսկողութենէն, խաղալով շատ վտանգաւոր «քամի ցանելու» գործընթաց մը: Արդիւնքը՝ երբ քիւրտերը հարուածելէ ետք, իր ոստիկանութեան, «յատուկ» ծառայութիւններուն զինքը ուղղեց դէպի իր երկրի «ձագուկ»-ներուն դէմ, գլխաւորութեամբ Ալ-Պաղտատիի, ( ԱՄՆ Ծերակուտական Մքքէյնի որդեգիր զաւակ) Տաէշին դէմ, երկիրը վերածուեցաւ դժոխքի:
Ռուսիոյ դեսպան Կառլովի ( մեր կողմէն հայ) սպանութիւնը մայրաքաղաք Անգարայի կեդրոնական դահլիճին մէջ, այն ալ ոստիկան Ալթընթաշի արձակած դաւադիր գնդակներով, Պոլսոյ գիշերային զբօսարանի մէջ կատարուած զազրելի ոճիրը լիբանանցի թէ օտար զբօսաշրջիկներու սպանութեամբ, ցոյց տուին որ Էրտողան իսկապէս փոթորիկ հնձած է: Երկիրը թաւագլոր կ’երթայ դէպի քաղաքացիական պատերազմ եւ մասնատում, անթիւ-անհամար զոհեր խլելու կանխատեսութեամբ: Ինչպէս կ’ըսէ ժողովրդային առածը.«Ուրիշին համար փոս փորողը՝ ինքը կ’իյնայ մէջը…»: