Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Վանի Աղթամար Կղզիին Վրայ Նոր Նաւահանգիստ Կառուցուած է

Վանի հիմնական զբօսաշրջական կեդրոն համարուող Աղթամար կղզիին վրայ նոր եւ աւելի յարմարաւէտ նաւահանգիստ կառուցուած է: Թուրքական «Միլլիէթ» (Milliyet) թերթի փոխանցմամբ՝ Վանի Գեւաշի` կամ պատմական Ոստան քաղաքի քաղաքապետարանի պահանջով` Թուրքիոյ փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան նախարարութիւնը ձեռնամուխ եղած է Աղթամար կղզիին վրայ նոր նաւահանգիստի կառուցման։ Մէկ ամիս տեւած աշխատանքէ ետք աւարտին հասցուած է 4 մեթր լայնութեամբ ու 50 մեթր երկարութեամբ նոր նաւահանգիստը։ Կը նշուի, որ  ամառը մեծ թիւով այցելուներ ունենալու պատճառով Աղթամար կղզիի երկու նաւահանգիստները չեն կրցած յարմարաւէտ ծառայութիւն մատուցել։ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին 915-921 թուականներուն կառուցուած է Վասպուրականի իշխան Գագիկ Արծրունիի պատուէրով` ճարտարապետ, քանդակագործ եւ նկարիչ Մանուէլի կողմէ։ Տաճարի արտաքին պատերը զարդարուած են 6 հորիզոնական շարք կազմող զարդաքանդակներով, որոնք չեն խախտեր պատերու հարթութիւնը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին