Պոլսոյ «Ակօս» թերթը կը գրէ, որ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը չէ ստացած նահանգապետարանին կողմէ ընդունելութեան թուականի վերաբերեալ պաշտօնական պատասխանը: Ակնկալուող հանդիպումին ընթացքին Պոլսոյ հայոց նոր պատրիարքի ընտրութիւններուն հետ կապուած պատրիարքարանին կից յանձնախումբը նահանգապետարանին պիտի ներկայացնէ ընտրութիւններ կատարելու վերաբերեալ եկեղեցական խորհուրդի որոշումը եւ յստակացնէ ընտրութեան կատարման ժամկէտը: Ըստ Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանի, նահանգապետարանը չէ կրցած պաշտօնական պատասխան յղել պատրիարքարանին` «չափէն աւելի խճողուած ժամանակացոյցի պատճառով»: Ս. Ծնունդի տօնին իր շնորհաւորական խօսքին մէջ Աթեշեան սրբազանը` անդրադառնալով համայնքը յուզող խնդիրին, նշած էր, որ եթէ նահանգապետարանի պատասխանը ուշանայ, իրենք նամակը պիտի փոխանցեն առանց ընդունելութեան սպասելու: «Եթէ այս շաբաթ ալ որեւէ զարգացում չըլլայ, պիտի դիմենք այլ միջոցի: Մեր պատրաստած դիմում-նամակը առանց հանդիպումի ուղղակի պիտի յանձնենք նահանգապետարանին»,- ըսած է Աթեշեան սրբազանը: