Կիրակի, 20. 07. 2025

spot_img

Թմրեցուցիչը Բուժում Չէ

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Լիբանանեան այս վերջին օրերու լուրերու առաջին դիրքը կը գրաւէ օդակայանի մօտ աղբանոցի գոյութեան պատճառով ծովային Ճայ թռչուններու մեծաթիւ գոյութիւնը, որ սկզբունքով վտանգ կը սպառնայ օդանաւերու թռիչքին կամ վայրէջքին:

Կառավարութիւնը եւ պատկան մարմիններ, որպէս լուծում որդեգրեցին թռչունները վանող ձայներ արձակող սարքերը շատցնել օդակայանին շուրջ (կ’արժէ իմանալ սարքերը վաճառող կամ տեղադրող ընկերութեան սեփականատէրերուն անունները, որոնք վստահաբար շատ հեռու չեն որոշումը որդեգրող պատկան մարմինին անդամներէն…): Շշուկներ եղան, որ պաշտօնեաներ ալ պիտի վարձուին տեղւոյն վրայ՝ հակակշռելու թռչուններու գոյութիւնը (շատ հաւանաբար այդ պաշտօնեաները որոշումը գործադրութեան դնող պատասխանատուին համագիւղացիները պիտի ըլլան ալա լիբանանեան ոճով…:) Այս ձեռնարկութիւնները նաեւ պիտի յանգին օդակայանի մօտ գտնուող Գոսթա Պրաւա շրջանի աղբերու կուտակման կեդրոնի առժամեայ փակումին եւ… Պէյրութի փողոցները դարձեալ աղբերով զարդարելու խայտառակութեան…:

Թռչուններու վտանգը յայտարարուածին տարողութեամբ մեծ ըլլայ թէ չափազանցուած կամ շինծու (կարգ մը շահաբեր ծրագիրներ յաջողցնելու միտումով) կը մնայ հարց տալ, որ արդեօք որդեգրուած միջոցներէն ո՞ր մէկը «կը բուժէ» Լիբանանի աղբերու հարցի հին ու նոր հիմնախնդիրը…:

Որդեգրուած ծրագիրները ինչպէս ամէն հարցի ալա լիբանանեան «լուծում» թմրեցուցիչի դիմել է՝ փոխանակ արմատական «բուժում» ձեռնարկելու…:

Երկինքէն երեք խնձոր ինկաւ:

Մէկը քեզի սիրելի ընթերցող, միւսը ինծի, երրորդն ալ…թռչուններուն:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին