Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Կարապետեան մասնակցեցաւ Հայաստանի Կառավարութեան Ռազմավարական Նախաձեռնութիւններու Կեդրոնի Պաշտօնական Բացման Արարողութեան

Կարապետեան մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի կառավարութեան Ռազմավարական նախաձեռնութիւններու կեդրոնի պաշտօնական բացման արարողութեան: Վարչապետը նշեց, որ կեդրոնի գաղափարը այն առանցքային թիրախներէն մէկն է, որ ներգրաւուած էր կառավարութեան ծրագիրին մէջ: Իր գործունէութեամբ անիկա պէտք է ճշդէ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման երկարաժամկէտ ռազմավարութիւնը: Վարչապետը ընդգծեց նաեւ, որ այս կեդրոնին մէջ պիտի ճշդուին տնտեսութեան զարգացման ծրագիրները, պիտի սերտուի եւ կազմուի այն շրջագիծը, թէ ինչպէ՛ս պէտք է զարգանայ Հայաստանը: «Պետութիւն-սեփական հատուած համագործակցութեամբ մենք կ’ակնկալենք հասկնալ, թէ ի՛նչ պէտք է ընենք, որպէսզի ե՛ւ տնտեսութեան աճ ունենանք, ե՛ւ ներդրողներու ներգրաւում, ե՛ւ երկարաժամկէտ զարգացում, ե՛ւ մեր կարողականութեան արդիւնաւէտ օգտագործում»,- ըսաւ Կարապետեան, աւելցնելով, որ կեդրոնին մէջ գործելու կոչուած խումբը արհեստավարժ է: «Այս կեդրոնին ղեկավարը պիտի ըլլայ իմ խորհրդական Ալեքսանտր Խաչատուրեանը, եւ ես շատ մեծ յոյսեր ունիմ այս խումբին հետ կապուած: Մենք բաց ենք կառուցողական համագործակցութեան համար»,-ըսաւ վարչապետը: Իր կարգին Խաչատուրեան նշեց, որ կեդրոնէն կան մեծ ակնկալութիւններ, ուստի առաւելագոյն աշխատանքը պիտի տարուի, որպէսզի կեդրոնին վստահուած գործառոյթները պատշաճ կերպով գործադրուին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին