Ուրբաթ, 08. 11. 2024

spot_img

Ծուծ, Ծիծ, Ծիծաղ Եւ Ծիծեռնակ

*ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ*

   Հայ ծանօթ խմբավար մը, երգչախումբի փորձերու ատեն, շատ խնդացուցեր է իր շուրջինները՝ երբ «Ծիծեռնա՛կ, ծիծեռնա՛կ, դու գարնան սիրուն թռչնակ» ծանօթ երգին ազդանշանը տուեր է հետեւեալ ձեւով.

-Ծի-ծե՜ռ, ծի-ծե՜ռ…(այս անմեղ բառերը բոլորին կողմէ ընկալուեր են՝ «Ծի-ծե՜ր, ծի-ծե՜ր»…)։

«Ծիծեռնակ»-ով սկսայ, բայց իմ բո՛ւն թիրախս «Ծիծ» բառն է։

teat

Ամէն մարդ գիտէ, որ «ծիծ»-ը կիներու, ինչպէս նաեւ էգ անասուններու մարմնին կաթնտու գործարանն է։ Մարդուն ծիծը զոյգ կ՛ըլլայ, անասուններունը՝ երբեմն աւելի։ Հայերէնի մէջ, մենք ասոր իբրեւ հոմանիշ կը գործածենք նաեւ «Ստինք» բառը, որմէ ալ շինած ենք «Ստնտու»-ն, այսինքն՝ դայեակ։ Մալխասեան բառարանին մէջ զարմանքով կարդացի հետեւեալ օրինակ-նախադասութիւնը. «Եղել են ցեղեր այնպիսի խոշոր ծծերով, որ մայրերը երեխաներին շալակում են, ծծերը ուսերի վրայից նրանց բերանը տալիս, որ ծծեն»…։ Հետաքրքրական ու անսովոր պատկեր մըն է…։

Եթէ բառարանը խառնշտկենք, պիտի գտնենք «Ծիծ» արմատով շինուած շարք մը բառեր, ինչպէս՝ ծծել, ծծակ, ծծկեր երեխայ, ծծմայր (նոյն ստնտուն) եւ այլն։

Բայց լեզուաբանները մեզի կը յիշեցնեն, որ «Ծիծ» բառը, իր կարգին, յառաջ եկած է «Ծուծ» բառէն։

Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ «Ծուծ»։

Առաջին հերթին, «Ծուծ» կը նշանակէ «ծծելիք նիւթ»։

Երկրորդ՝ «Ծուծ»-ը մեր հաստ ոսկորներուն (ոտք, թեւ) կամ ողնայարին մէջի կենսատու հիւթն է։ Նոյնիսկ կրնանք ըսել՝ որ անիկա ոսկորին «ուղեղ»-ն է։ Ունինք «Ոսկրածուծ» բառը։ Բժշկագիտական յօդուածներու մէջ երբեմն կը կարդանք, թէ ինչպիսի՜ բարդ վիրահատութիւններ կը կատարուին ներկայիս՝ ոսկրածուծի պատուաստում կատարելու համար կարգ մը տառապեալ հիւանդներու…։

Հիմա որ սորվեցանք, թէ «Ծիծ»-ն ու «Ծուծ»-ը ծնունդով երկուորեակներ են, հապա՞ «Ծիծաղ»-ը, «Ծիծեռնակ»-ը։ Անոնք ալ կապ ունի՞ն ծիծին ու ծուծին հետ։

Ո՛չ։ Ամէն «ծիծ» պարունակող բառ կաթնտու չէ՛…։

Վերցնենք, օրինակ, «Ծիծաղ» բառը, որ կը նշանակէ խնդուք, քրքիջ, քահքահ։ Այս բառին արմատը «Ծիծ»-ը չէ, այլ՝ «Ծաղ»-ը։ «Ծի-ծաղ»։ Ու եթէ պրպտենք այս «Ծաղ»-ը, պիտի պարզուի որ անիկա «Ծաղր» բառին հաշմուած ձեւն է.- Ծաղ-ր։ Գիտենք որ «Ծաղրել» կը նշանակէ վրան խնդալ։ Լեզուաբան Հ. Աճառեան կը նշէ որ «Ծիծաղ» բառը կազմուած է «Ծաղ» բառին կրկնութենէն։ Այսինքն՝ բառը հաւանաբար նախ եղած է ծաղծաղ, յետոյ՝ ծածաղ, ամէնէն վերջն ալ՝ ծիծաղ։ Ուրեմն, բառը դարերու ընթացքին ապրած է հնչիւնափոխութեան եւ ձայնադարձութեան հետաքրքրական հոլովոյթ մը։

«Ծիծ»-ին հետ կապ չունի նաեւ «Ծիծեռնակ»-ը։ Ասիկա սրածայր թեւերով ու մկրատաձեւ պոչով սիրուն թռչուն մըն է, ճնճղուկներու ընտանիքէն, որուն հին անուանումն է «Ծիծառ»։ Մեր բանաստեղծներէն շատեր երգած են ծիծեռնակը։ Մանաւանդ հռչակաւոր է արեւելահայ գրողի մը՝ Գէորգ Դոդոխեանի (1830-1908) համանուն քերթուածը, որ առանձինն կրցաւ յաւերժացնել իր անունը հայ գրականութեան պատմութեան մէջ.

 Ծիծեռնա՛կ, ծիծեռնա՛կ,
Դո՛ւ՝ գարնան սիրո՛ւն թռչնակ.
Դէպի  ո՞ւր, ինձ ասա,
Թռչում ես այսպէս արագ։

Ա՜խ, թռի՛ր, ծիծեռնակ,
Ծնած տեղս՝ Աշտարակ.
Անդ շինիր քո բունը
Հայրենի կտուրի տակ։

«Ծիծեռնակ»-ը մեզի անմիջապէս կը յիշեցնէ անշուշտ Երեւանի մերձակայ Ծիծեռնակաբերդի բլուրը, ուր միլիոնով ուխտի կ՛երթայ հայ ժողովուրդը իւրաքանչիւր Ապրիլ 24-ին։ Այնտեղ է կառուցուած Մեծ Եղեռնի համբաւաւոր յուշահամալիրը, 1967-ին, իր սլացիկ ու սրածայր վերածննդեան կոթողով, տասներկու թեք (խոնարհուած) պատերէ բաղկացեալ բոլորաձեւ «դահլիճ»-ով, յաւերժական կրակով, պուրակով եւ աւելի ուշ բացուած ստորգետնեայ թանգարանով։

«Ծիծեռնակ»-ը ինծի կը յիշեցնէ տակաւին Գեղամ Սեւանի պատմուածքներու մէկ ժողովածուն, որ կը կոչուէր «Ծիծեռնակները ցածէն անցան» (Պէյրութ, 1961)։

Բայց «Ծիծեռնակ»ը նաեւ անունն էր պարբերաթերթի մը, զոր լոյս կ՛ընծայէին Քուէյթի Ազգ. Ճեմարանի ուսանողները, շատ տարիներ առաջ…։

Հալէպ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին