Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբը Ֆրանսայի Սենատէն ներս պիտի կազմակերպէ «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին Թուրքիոյ հասարակութեան ներգրաւուածութիւնը» խորագիրով համաժողով` թուրք գործիչներու մասնակցութեամբ:
Ինչպէս կը յայտնէ Nouvelles d’Armenie-ն, համաժողովին պիտի մասնակցին յայտնի քաղաքագէտ, սիւնակագիր Ճենկիզ Աքթարը, իրաւապաշտպան Այշէ Կիւնայսուն, տնտեսագէտ Ահմէտ Անսելը, Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը:
Համաժողովը տեղի պիտի ունենայ 2017 թուականի Յունուար 20-ին: