Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Մարտունիի Ուղղութեամբ ԵԱՀԿ Դիտարկումը Առանց Միջադէպերու Անցած է

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ ձեռք բերուած համաձայնութեամբ` Յունուար 12-ին, ԵԱՀԿ առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու սահմանագիծի ծրագրային դիտարկում իրականացուցած է ԼՂՀ Մարտունի շրջանին ուղղութեամբ` Աշըղ Վեյսալի բնակավայրի հիւսիս-արեւելքը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուական վարչութենէն:

ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի (ԳՆԱՆ) գրասենեակի աշխատակից Պետեր Սուետպերկը (Շուէտ)  եւ ԵԱՀԿ Բարձր մակարդակի ծրագրաւորման խումբի (ԲՄՊԽ) ղեկավար գնդապետ Հանս Լամփալցերը (Աւստրիա):

Սահմանագծի հակառակ կողմէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿ ԳՆԱՆ դաշտային օգնական Խրիսթօ Խրիսթովը (Պուլկարիա), ԵԱՀԿ ԳՆԱՆ անձնական օգնական Սայմոն Թիլլըրը (Մեծ Բրիտանիա) եւ ԵԱՀԿ ԲՄՊԽ ներկայացուցիչ, գնդապետ Ճաւիթ Էլիասը:

Դիտարկումը անցած է ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցին, հրադադարի խախտումներ չեն արձանագրուած:

Դիտարկման առաքելութեան ղարաբաղեան կողմէն ուղեկցած են ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին