Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

Լիբանանեան Հերթական Գայթակղութիւն

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Հակառակ բոլոր կողմերու յայտարարութիւններուն, երէկ Յառաջդիմական Ընկերվար Կուսակցութեան հաղորդագրութիւնը, որ եկաւ բացայայտօրէն շեշտելու, որ տուեալ կուսակցութիւնը Լիբանանի ընտրական 1960-ի օրէնքին կողմնակից է եւ դէմ՝ անոր փոխուելուն, ինչպէս լիբանանեան միւս կողմերը, որոնց իսկական կեցուածքը կը հակասէ նոյն կողմերուն հրապարակային ելոյթներուն, որուն ընթացքին անոնք իբր թէ նոր օրէնք մը մշակելու համամիտ են:

Յառաջդիմական Ընկերվար Կուսակցութեան յայտարարութիւնը չբաւարարուելով այսքանով՝ սպառնացած է յականէ անուանէ բացայայտել բոլոր այն պատասխանատուներուն անունները, որոնք այս հարցով կեղծիքի կը դիմեն փոշի ցանելով խեղճ քաղաքացիին աչքերուն:

Ահաւասիկ հին ու նոր լիբանանեան գայթակղութիւն մը եւս, որ աւելի եւս կը հաստատէ Լիբանանի քաղաքական կեանքի փտածութիւնը եւ օգտագործուած կեղծիքը՝ անարգելով ժողովուրդը:

Ամէն պարագայի Լիբանանցին կարիքը չունէր յաւելեալ փաստերու, թէ զինք ղեկավարող քաղաքական վերնախաւը, ինչպէս միշտ, նաեւ այսօր անկեղծ չէ ժողովուրդին հանդէպ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին