Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Վարչապետը Յանձնարարած Է Առաջարկութիւններ Ներկայացնել Ներմուծումը Տեղական Արտադրութեամբ Փոխարինելու Վերաբերեալ

Տեղի  ունեցած է ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստը, որ վարած է ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան: Նախքան օրակարգային հարցերու քննարկումը վարչապետը  շարք մը յանձնարարականներ  տուած է: Վարչապետի առաջին յանձնարարականը վերաբերած է ներմուծումը տեղական արտադրութեամբ փոխարինելուն: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ կառավարութեան մամլոյ ծառայութենէն:
«Յանձնարարում եմ Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումների, Ֆինանսների, Պաշտպանութեան, Գիւղատնտեսութեան, Առողջապահութեան նախարարներին` համատեղ ուսումնասիրել եւ 20 օրեայ ժամկէտում առաջարկութիւն ներկայացնել ներմուծումը տեղական արտադրութեամբ փոխարինելու վերաբերեալ` ըստ առանձին ապրանքների»,-նշած է գործադիրի ղեկավարը: Վարչապետը յանձնարարած է, մասնաւորապէս, դիտարկել փոխարինման մեքենականութիւններու տարբեր հնարաւորութիւններ, ներառեալ`
1. համարժէք փոխարինող ապրանքներ, որոնց արտադրութեան կազմակերպումը տեղւոյն վրայ կարելի է  շահաւէտ եւ մրցունակ ըլլան ներմուծուողներուն նկատմամբ: Շուկայական մեքենականութիւններով հնարաւոր դարձնել եւ ապահովել այդ ապրանքներուն նկատմամբ պահանջարկը` տեղական արտադրութեան տեսանկիւնէն ոչ շահաւէտ եւ ներմուծուող ապրանքներու պահանջարկի կրճատման հաշուին:
2. ապրանքներ, որոնց արտադրութիւնը տեղւոյն վրայ կազմակերպելը շահաւէտ է եւ ատոնք մրցունակ են շուկայի մէջ, սակայն գոյութիւն ունեցող նման արտադրութիւններու կարողութիւնները սահմանափակ են կամ չի կազմակերպուիր տեղական նման արտադրութիւն: Ընդ որում, այդ ապրանքներու արտադրութեան կազմակերպման կամ արտադրական հզօրութիւններու աւելացման համար կատարուելիք ներդրումները կարելի է  գնել միջին ժամկէտի մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին