Ուրբաթ, 01. 08. 2025

spot_img

ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Տէր Տիրատուր Քահանայ Սարդարեանը

Յունուար 10-ին ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Գերմանիոյ Պատեն Վիւրթենպերկ երկրամասի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Տէր Տիրատուր քահանայ Սարդարեանը:

Նախարարը բարձր գնահատեց Տէր հօր ծաւալած ազգանպաստ գործունէութիւնը` շեշտելով այն փաստը, որ Հայ Առաքելական եկեղեցին Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան կարեւոր գործօններէն մէկն է:

Տէր Տիրատուրը նախարարին ներկայացուց Հայաստանի մէջ գտնուելու իրենց առաքելութեան բուն նպատակը, այն է` Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով Արցախի անապահով ընտանիքներուն օգնութիւն տրամադրելը:

«Սուրբ Ծնունդը սիրոյ եւ ջերմութեան տօն է, մենք պէտք է թո՛յլ տանք, որ Մանուկ Յիսուսը ծնուի մեր մէջ, այլապէս անիմաստ կ’ըլլայ այդ տօնը»,-իր խօսքին մէջ ըսաւ քահանան:

Տէր հայրը նախարարին ներկայացուց Արցախի անապահով ընտանիքներուն իրենց ցուցաբերած 26 թոն օգնութեան մասին` սնունդի եւ հագուստեղէնի տեսքով` աւելցնելով, որ այն շարունակական բնոյթ պիտի կրէ:

Հանդիպման աւարտին Տէր Տիրատուր քահանայ Սարդարեան Սփիւռքի նախարարին հետ քննարկեցին յետագայ համագործակցութեան առընչուող հարցեր:

ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յոյս յայտնեց, որ այսուհետ երկուստեք աւելի սերտօրէն կը համագործակցին Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ կապերու ամրապնդման շուրջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին