«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի «Մարի Մանուկեան» դպրոցի աշակերտները միացած եմ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժումին:
«Մարի Մանուկեան» դպրոցը Պուէնոս Այրէսի եօթ հայկական դպրոցներէն մէկն է:
Արդէն 35 տարի է, որ ձեւաւորուած աւանդոյթի համաձայն` դպրոցի աւարտական դասարաններու հայ աշակերտները յատուկ ծրագիրով կու գան Հայաստան տեսնելու:
Աւարտական դասարաններու աշակերտները մէկ տարի շարունակ իրենց ծնողներուն հետ հայկական տարբեր կերակուրներ կը պատրաստեն եւ շաբաթը երկու անգամ` Ուրբաթ-Շաբաթ օրերուն, զայն կը վաճառեն դպրոցի սրահներէն մէկուն մէջ, որ խորհրդանշական ձեւով ճաշարանի կը վերածուի: Ճաշացանկը բաղկացած կ’ըլլայ հիմնականին մէջ Կիլիկիան Հայաստանի ճաշատեսակներէն` հումուս, թապուլէ, պասուց տոլմա եւ այլն: Հաւաքուած գումարով ամառնային արձակուրդին անոնք Հայաստան կու գան:
Ընդհանուր առմամբ` այս տարիներու ընթացքին 6000 սփիւռքահայ պատանիներ եւ աղջիկներ եկած են Հայաստան, եկած են տեսնելու իրենց պապերու ծննդավայրը: