Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

Փոքրիկ Պատում Մը` Մեծ Հոգիի Հայրենասիրութեան Մասին

*ԿԱՐԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ*

Բարեգործութիւնը հոգիի, խղճի թելադրանք է, մարդկային առաքինութիւններէն թերեւս ամենադրուատելիներէն մէկը, որմով առաջնորդուողները ոչ մէկ բանաձեւ ունին. անոնք` իսկական բարեգործները, չեն սիրեր բարձրաձայնել իրենց գործերուն մասին, եւ բարեգործութիւն կ’ընեն այնպէս, ինչպէս աղօթք կ’ընեն, ինչպէս հանապազօրեայ հացը կը հոգան: Անոնցմէ մէկը` Արմաւիրի մարզի Ջրաշէն գիւղին մէջ արդէն 16 տարի բնակող, Մարսէլէն հայրենադարձ Սիրան Միսաքեան-Պասմաճեանը առաջինն էր, որ ակամայ դարձաւ «Դուն ի՞նչ կընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժման մասնակիցներէն մէկը: Մինչեւ այս շարժումին սկսիլը` Սիրան մայրիկը արդէն սեփական նախաձեռնութեամբ իր թոշակով Ղարաբաղի սահմանները պաշտպանող զինուորներուն համար տասնեակ կապոցներ  պատրաստած էր` ներքնազգեստներ ու գուլպաներ, ինչպէս նաեւ` պահպանիչ աղօթքներ եւ ուղարկած զօրամասեր: Միանալով շարժման` ան Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ դարձեալ կապոցներ ուղարկեց զինուորներուն. իր ծաւալած հայրենանուէր գործունէութեան համար ՀՀ Սփիւռքի նախարարը Սիրան Միսաքեան-Պասմաճեանին պատուոյ գիրով պարգեւատրեց: Այս օրերուն Սիրան մայրիկը, որուն ամբողջ գիւղը «հօրքուր» կ’անուանէ, մեծ վշտի մէջ ըլլալով հանդերձ (Մարսէլի մէջ մահացած էր տղուն կինը), դարձեալ  կապոց մը պատրաստած էր, նաեւ կրանիտէ քարի վրայ պատուիրած էր Աստուածամօր պատկերը եւ բերած հասցուցած Երեւան` Սփիւռքի նախարարութիւն: Այս պատուարժան հայուհին, ամէն անգամ իր «առաքելութիւնը» կատարելուն, կը կրկնէ` այդ զինուորները նաեւ իմ երեխաներս են, իմ թոռնիկներս…մայրական գորովանքով ու սրտցաւութեամբ կը մտածէ սահմանները պաշտպանող զինուորներուն մասին եւ կը նեղուի` իմանալով, որ անոնցմէ շատերն առանց մկրտուելու կը մեկնին ծառայութեան, որ կան նոյնիսկ հաւատք չունեցող զինուորներ եւ կը մտածէ, որ անոնց համար կարելի է զօրամասերուն մէջ հաւատքի դասընթացներ կազմակերպել: 80-ը անց այս հայուհին բնաւ չի մտածեր իր մասին, իր հոգը երկրի խաղաղութիւնն է, զինուորներու առողջութիւնն ու անփորձանք ծառայութիւնը: Սիրան Միսաքեան-Պասմաճեանը արդէն մօտ ապագայի ծրագիրներ ունի` դարձեալ  քանի մը պատկերազարդ քանդակներ պատուիրել սահմանամերձ շրջաններուն մէջ եղած զինուորական հիւանդանոցներու մատուռներուն մէջ տեղադրելու համար: «Որքան ուժս բաւէ, առողջութիւնս  ներէ, պէտք է շարունակեմ ընել այս գործը», -կ’ըսէ Սիրան մայրիկն ու Աստուծոյ իր գոհութիւնը կը յայտնէ`  այս աշխարհի մէջ  իրեն ճիշդ ուղեցոյց ըլլալու համար: Ահա հայրենասիրութեան մասին փոքրիկ  պատում մը, որ բարձրագոչ խօսքերէն, ճառերէն այն կողմ`  նշխար մը հայուհիին  հայրենապահպան հոգիին  գեղեցիկ հայելին է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին