Ֆրանսայի Իսի լէ Մուլինօ քաղաքի արուեստներու կիրակնօրեայ դպրոցի սաները միացած են ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժման, որուն նպատակն է բոլոր հնարաւոր միջոցներով աջակցիլ Արցախի եւ անոր ժողովուրդի տնտեսական, սոցիալական բարելաւման գործին եւ բարեկեցութեան:
Իսի լէ Մուլինօ քաղաքի արուեստներու կիրակնօրեայ դպրոցին մէջ, որուն հիմնադիրն է Աննա Մաճկալեան, կը դասաւանդուին հայոց լեզու, մշակոյթ, պատմութիւն եւ թատրոն: