Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

Անմար Երազ

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

Ինչպէս գետակներ, գետեր մեծ ու փոքր կը հոսին դէպի ծով, այդպէս ալ, ամէն մտածում կը տանի հո՛ն, ուր որ անձին մտասեւեռումն է. խօսք, դիտարկութիւն, ընկալում, ժամանակի ազդեցութիւն կը կերտեն այդ մարդու մտածողութիւնը, անոր ընկալման կարողականութեամբ:

Սարգիս, ե՞րբ ուրախ պիտի ըլլաս, հարց տուաւ Արմէն Դուրեան, որ սրտամօտ անձնաւորութիւն մը եղած է, ըսի.- «Երբ Արարատը Վերադարձնենք» «Սպասէ ուրեմն»,- եղաւ պատասխանը: Այսինքն…

«Ես երազ մ’ունիմ, եւ այդ երազին ակունքը հին է
Նայիլ Արեւուն, ներշնչուի՛լ Անով, այրի՛լ լուսաշող…»

Այդ հինէն հնութիւնը դէպի ետ ո՞ւր կ’երթայ՝ ինծի իսկ յայտնի չէ. ուրկէ» կու գանք, ինչո՞ւ եւ ո՞ւր կ’երթանք… «ես երազ մ’ունիմ»

Եթէ օրերէն մէկը, պատահի որ հանդիպիմ Վ. Թէքէեանին, օձիքէն պիտի բռնեմ եւ իրեն հարց տամ. «ինչպէ՞ս կրցար սպաննել երազդ»,- սորվեցուր ինծի, որպէսզի ես ալ քեզի պէս ազատագրուած զգամ երազներու անկոտրում շղթաներէ, որոնք կանացի խաչերու նման հեշտագին կ’առնեն քեզ իրենց կախարդանքին մէջ, ուր կը մոռնաս ամէն պատուէր, խոստում եւ ապագայ արհաւիրքը չտեսնուած: Ի միջի այլոց ինչքա՜ն երազներ փշրուած են կեանքի ճամբու ընթացքին, նորերով փոխարինուած, եւ սակայն, կան որ անյաղթահարելի են ու «Արարատը մեր լեռն է» : ՈՉ ԱՐԱՐԱՏԸ ՄԵՐ ԼԵՌԸ ՉԷ- գէթ տակաւի՛ն. Ու սրտամօտ երգերու մէջ, ամէնէն աւելի ես կը սիրեմ Ս. Կապուտիկեանի մէկ բանաստեղծութիւնը, որ վերածուած է երգի…

Որմէ՝

«Ես նայեմ, նայեմ վերից
Ու քեզնից անմաս մնամ…»

………………………………….

«Ես նայեմ, նայեմ ճամբիդ
Ու քեզնից անմաս մնամ…»

Եւ…

«Ես հայ եմ եւ ինծի համար
Ամէն վայրկեան պայքար է
Իսկ եթէ բախտս քար է,
Դիմանամ ու քանդակեմ բառ մը վրան՝

ՀԱՅԱՍՏԱՆՍ»: (Ս.ԱՐՄԷՆ)

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին