*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Հակառակ Ռուսական կողմին պարտադրած կրակմարին, Սուրիոյ Ուատի Պարատա շրջանին մէջ մարտերը տակաւին կը շարունակուին:
Ի՞նչ կը նշանակէ այս: Այս կը նշանակէ, թէ Իրան սուրիական վարչակարգին եւ Հըզպալլայի միջոցաւ «նամակ» մը կը հասցնէ Ռուսիոյ, որ ռուսական կողմը առանձին չի կրնար կրակմարի պայմաններ պարտադրել՝ առանց իր դաշնակիցներուն կարծիքը առնելու:
Վերոյիշեալը նաեւ կը նշանակէ, որ այն ինչ որ այսօր կը պատահի Ուատի Պարատայի մէջ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ Իրան-Ռուսիա լուռ պայքար մը՝ ազդեցութիւն պարտադրելու սուրիոյ մէջ:
Մեզի կը մնայ խորհրդածել, սիրելի ընթերցող, որ 5 տարիներ առաջ անմեղ ցոյցերով սկսած հարց մը որքան սուղի նստաւ ամբողջ երկրի ու անոր ժողովուրդին կեանքին վրայ եւ տակաւին պատերազմը կը շարունակուի՝ իր մէջ ընդգրկելով սկզբնապատճառին հետ ոչ մէկ կապ ունեցող շրջանային եւ միջազգային խաղցողներ…:
Պիտի ուզէի, որ այս մէկը լաւ իմանան Հայաստանը «փրկելու» ելած կարգ մը մարդիկ…: