Տօնական օրերուն՝ Ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ՝ հակառակորդը շարունակած է հրադադարի խախտումները, սակայն հայկական զինուած ուժերուն կողմէ իրավիճակը ընդհանուր առմամբ եղած է վերահսկելի: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, ըսած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի խօսնակ Դաւիթ Պապայեան:
«Հակառակորդը շարունակած է հրադադարի խախտումները` ամէն օր տարբեր զինատեսակներէ արձակելով միջինը 3040 կրակոց: Սակայն, իրավիճակը ընդհանուր առմամբ եղած է վերահսկելի»,- ըսած է Պապայեան:
Ան նշած է, որ հակառակորդին այս վարքը նորութիւն չէ, քանի որ, յատկապէս Յունուարին, կանխատեսելի են անոնց կողմէ հրադադարի խախտումները:
«Գիտէք, որ այսպէս կոչուած յունուարեան դէպքերու տարեդարձն է, եւ անոնք այս օրերուն պարբերաբար կը խախտեն հրադադարը: Բոլորին յայտնի է այսպէս կոչուած «սեւ յունուարը», երբ խորհրդային զօրքերը մտան Պաքու եւ կը փորձէին փրկել կոտորածի ենթարկուող հայ բնակչութիւնը: Այդ գործողութիւններուն ժամանակ զոհուեցան բազմաթիւ ահաբեկիչներ: Ճիշդ է, հնարաւոր է, որ այդ ժամանակ զոհուած են նաեւ անմեղ մարդիկ, սակայն, մասնաւորապէս, այդ զոհերը ահաբեկիչներ են: Հիմա Ազրպէյճանի մէջ սրբացուցած են այդ զոհերը, եւ ամէն տարի Յունուարին անոնք կ՝աւելցնեն հրադադարի խախտումները, որուն միջոցով կը փորձեն «փրկել» իրենց արժանապատուութիւնը»,- եզրափակած է Դաւիթ Պապայեան: