Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

Մաղթանքներէ Անդին

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

Ընդհանրապէս մարդիկ ինքնաքննութենէ կ’անցնեն իրենք զիրենք: Ընկերութեան մէջ ընդհանրութեան մը հաշւոյն, մանաւանդ, երբ հարցը արտաքին երեւոյթի մասին է, ու երբեմն ալ բացառիկ խնամքի` ի մասնաւորի իգական սեռի մօտ, եւ շատերուն սիրահարն ալ տան հայելին է. հոն կ’երեւի աշխարհի փնտռուած էակը, կար Եւան  որ քիչ ետք պիտի դուրս գայ տունէն եւ ուղղուի աշխարհատեղը թէ այլ… թէեւ շատ տարբեր չէ արական սեռի պարագան եւս…

Սակայն, քանինե՞ր արդեօք, սովորական վիճակներու մէջ պահ մը կը կենան ու կը մտածեն կեանքի ընթացքին մասին, փոխյարաբերութիւններու, բնաւորութիւններու բախման պատճառներուն, թէ ինչո՞ւ կեանքը այնքան ալ հեզասահ չէ… ի՞նչն է որ կը պակսի, եւ ի՞նչ է լուծումը, կա՞յ արդեօք լուծում… եւ ի՞նչ է պատճառը կամ պատճառները ներկայ իրականութեան:

Մանկութեան, Նոր Մարաշ թաղի բացօթեայ վայրերու մէջ, կամ դաշտին մէկ մասին վրայ երբեմն աշըխ կը խաղայինք, ուրեմն, ոչխարի մէկ պզտիկ մասն էր, մօտ երկու սանդիմնոց. նետողը կ’ըսէր.

Այսինչը ի՞նչ մարդ է
Էշ մարդ է.

Յաջորդ նետելուն.

Էշութիւնը ինչէ՞ն է…
Էշութենէն

Կամ այլ… ուրեմն անգիտակցաբար խաղ մը կը խաղայինք, ուր գոյառումներու իրարմէ կախուածութիւնը կը յայտնէր- եւ թէ՝ ոչ ոք ինքնաստեղծ չէ. ամէն ինչ ունի իր նախադրեալ, մինչեւ անսկիզբը՝ որուն համար Օ. Խայեամ գրած է «Անսկիզբէն գաղտնիքները ոչ դուն գիտես, եւ ոչ ալ ես», իսկ Լ. Ճ. Կորտոն Պայրըն Կայէնին խօսիլ կու տայ.-

Եւ ինչո՞ւ համար պէտք է աշխատիմ:
Քանզի իմ հայրը Եդե՞մը կորցրեց:
Իսկ ի՞մ մեղքն ինչ է: Ես ծնուած չէի
Եւ չէի խնդրում ծնուելս, եւ արտ
Չեմ սիրում այն, ինչ ծնունդն ինձ տուեց:

Բայց կեանքը միօրինակ ընթացք չըլլալու համար, արեւ-անձրեւի վիճակով կ’ապրինք, թէեւ մեր կեանքը հարիւրամեակներ եղած է տառապանքի եւ պայքարի տարիներ, որպէս կառչելիք ճիւղ ունինք Հայաստան մը, Արցախ մը եւ աշխա՜րհ մը՝ Սփիւռք… եւ առատ՝ ու խիստ կեանքի դասեր, որոնցմէ օգտուիլը առաջին հերթին մե՛ր պարտաւորութիւնն է. գիտակցութեան զօրութեամբ, նայելու համար արեւոտ արշալոյսներու:

Ո՛չ առատ մաղթանքներ, ո՛չ ճոխ սեղաններ ոգելից ըմպելիներով լեցուն, մեզի պիտի պարգեւեն ինչ որ մեզի հարկ է, այլ՝ զգաստութիւնն է, որմէ ծնունդ պիտի առնէ ազգային առողջ մտածողութիւն, շրջահայեացութիւն, որոնք անպայման պիտի յանգին մեր երազներու իրականացման:

Ըսէք՝ Աստուած Տայ…

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին