Ազգային միացեալ վարժարանին բարոյական եւ նիւթական զօրակցութիւններու ծիրին մէջ, երեքշաբթի, 3 յունուար 2017-ին, տեղի ունեցաւ հանդիպում մը «ՈւալիտՊընԹալալ» բարեսիրականհաստատութեանտնօրէն եւ փոխնախագահ, նախկիննախարարԼէյլաՍոլհ-Համատէի ներկայացուցիչ պրն․ Ապտըլ Սալամ Մարինիի եւ Ազգային վարչութեան, Ուսում-նական խորհուրդի եւ Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ։
Հանդիպումին քննարկուեցան երկկողմանի գործակցութիւններու կարելիութիւնները, եւ այս շրջագիծին մէջ «ՈւալիտՊընԹալալ» բարեսիրականհաստատութիւնը ստանձնեց Ազգային միացեալ վարժարանի համակարգչային ընդհանուր համակարգի, 59 համակարգիչ-ներու, երկրորդականի «Սմարթ պորտ»-երու եւ ե-գրադարանային արդի համակարգի հաս-տատման նիւթական ծախսերը։Արդի արհեստագիտութեան օգտագործման նպաստող այս ձեռքբերումը մեծապէս կը նպաստէ, որ Ազգային միացեալ վարժարանի կրթական համակարգին մէջ իրականանան արդի մանկավարժական-կրթական ծրագիրները։
Յայտնենք, որ նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ-Համատէ չորեքշաբթի, 27 յուլիս 2016-ին,ընկերակցութեամբ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ պրն․ Յակոբ Բագրա-տունիի, այցելած էր վարժարան եւ մօտէն ծանօթացած շինարարական աշխատանքներուն, իսկ չորեքշաբթի, 23 նոյեմբեր 2016-ին ներկայ գնտուած էր Ազգային միացեալ վարժարանի բացման պաշտօնական հանդիսութեան։ Սոլհ-Համատէ բարձրօրէն գնահատած էր Ազգային միացեալ վարժարանի շինարարական աշխատանքը եւ խոստացած՝ ապահովել «ՈւալիտՊընԹալալ» բարեսիրականհաստատութեան զօրակցութիւնը։
Այս առիթով, Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Եպս․ Փանոսեանն ու Ազգային վարչութիւնը իրենց յատուկ շնորհակալութիւնը կը յայտնեն «ՈւալիտՊընԹալալ» բարեսիրականհաստատութեանեւ ի մասնաւորի կառոյցի փոխնա-խագահ, նախկիննախարարԼէյլաՍոլհ-Համատէին, եւ կը յուսան, որ յառաջիկային եւս կը շարունակուի երկկողմանի գործակցութիւնը՝իրականացնելու նորահաս սերունդի որակաւոր կրթութեան ապահովման նորանոր ծրագիրներ։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ