Ձեւաւորուած աւանդոյթին համաձայն` հերթական անգամ զօրակոչի ընթացքը հանդիսաւորութեամբ ազդարարուած է խորհրդանշական վայրի` Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդած տեղեկութիւններով՝ Արմաւիրի մարզէն բանակ զօրակոչուող երիտասարդներուն բարի ծառայութիւն մաղթելու, յիշարժան օրը զօրակոչիկներու եւ անոնց հարազատներու հետ կիսելու գացած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, Արմաւիրի մարզպետ, մարզային զօրակոչային յանձնաժողովի նախագահ Աշոտ Ղահրամանեան, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արմաւիրի թեմի առաջնորդ Տէր Սիոն եպիսկոպոս Ադամեան, բարձրաստիճան զինուորականներ, այլ պաշտօնեաներ:
Ներկաները խոնարհած են եւ ծաղիկներ դրած Արցախեան հերոսամարտին մարտնչած եւ յանուն հայրենիքի կեանքը զոհաբերած մարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարին մօտ:
Արմաւիրի թեմի առաջնորդ Տէր Սիոն եպիսկոպոս Ադամեան օրհնութեան խօսք յղած է զօրակոչիկներուն` կոչ ուղղելով սրբութեամբ ու հաւատով պաշտպանելու եւ անառիկ պահելու հայրենի եզերքի սահմանները:
Ողջունելով եւ խաղաղ ծառայութիւն մաղթելով նորակոչիկներուն՝ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան ընդգծած է, որ ծառայութեան մեկնող իւրաքանչիւր երիտասարդ պէտք է գիտակցի, որ հայրենիքի կողմէն պաշտպանուած քաղաքացիէն այլեւս կը դառնայ հայրենիքի պաշտպան, հայոց բանակի արժանի զինուոր, որուն նայելով՝ հասարակութիւնը կը գիտակցի, որ հայրենիքը պաշտպանուած է: Զինուած ուժերու ղեկավարութիւնն ու հրամանատարութիւնը, իրենց կարգին ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի բանակային երկու տարիները ծառայեն ի նպաստ հայ զինուորի գիտելիքներու եւ հմտութիւններու հարստացման, անոր հայրենասիրական յատկանիշներու առաւել բարձրացման:
ՀՀ պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնած է զօրակոչիկներու ծնողներուն՝ այն դաստիարակութեան ու հայրենասիրական ոգիին համար, որմով մեծցուցած են իրենց զաւակները` անկախութեան սերունդի ներկայացուցիչները: Սերունդ, որ քաջ կը գիտակցի հայրենիքի գինը, զինուորական ծառայութեան դերն ու նշանակութիւնը: