Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

Մահագրական Աբիկ Զօրեան

*ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ*

1 Փետրուար 1918, Պէյրութ, 22 Դեկտեմբեր 2016, Երեւան: Եթէ 40 օր եւս ապրէր, 1 Փետրուար 2017-ին ամբողջացուցած կ՛ըլլար իր կեանքի 99 տարիները:

99 տարի, համարեա՛ մէկ դար, կեանք մը հարուստ, ոչ միայն իր տարիներու համրանքով, այլ այդ տարիներու երկայնքին իր հարուստ վաստակով. վաստակ մը, որ ոչ միայն աշխատանքային, մասնագիտական հմտութեան, ձեռնհասութեան  եւ աշխատասիրութեան բարենիշներով էր առլցուն, այլեւ իր իւրօրինակ  նկարագիրի գիծերով՝  ուղղամտութեան, կարգապահութեան եւ բացառիկ բծախնդրութեամբ, որոնց շնորհիւ մեծապէս յարգուեցաւ, սիրուեցաւ եւ գնահատուեցաւ թէ՛  աշխատանքի ասպարէզին մէջ եւ թէ՛ միութենական գործունէութեան երկար տարիներու ընթացքին:

Աբիկ Երուանդի Զօրեան:

Զօրեաններու գերդաստանի ոսկեայ օղակներէն մին, որ ագուցուած էր իր հօր Երուանդին եւ որուն ագուցուեցաւ իր զաւկին դոկտ. Երուանդ Զօրեանի նորագոյն օղակը:

Հայ ժողովուրդին անցած արեան ճանապարհները պատճառ եղած են, որ ոեւէ hայ չյաջողի իր գերդաստանի ակունքներուն հասնիլ, կտրել-անցնելով 19-րդ դարը, ատոր համար ինչ որ հասանելի է մեզի Զօրեան գերդաստանի մասին, անոր ակունքը կը նկատուի տրապիզոնցի մեծ վաճառական Յարութիւն Զօրեանը, որուն զաւակներն էին Աբիկն ու Երուանդը: Երուանդ զոհ կ’երթայ Համիտեան ջարդերուն, իսկ Աբիկ, կ’ապրի, որուն զաւակն է Երուանդ Զօրեան։ Աբիկ Զօրեանի հայրը  1920-ական թուականներուն եղած է Հալէպի պետութեան (ապա Սուրիական պետութեան կազմին մէջ) գլխաւոր հաշուապահը եւ ելեւմտական  տնօրէնը,  նուիրուած է  Հալէպի  հայ համայնքին, յատկապես՝ հայ երիտասարդութեան։  25 տարի շարունակ Երուանդ աւագը Հալէպի ՀԲԸՄ-ի մէջ՝  կարեւոր պաշտօններ  վարած է եւ 1931-ին  հիմնադրած է ՀԲԸՄ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիււնը:

Աբիկ Զօրեան եւ տիկինը՝ Հիլտան, շարունակած են Հալէպի հայ համայնքին ծառայելու ընտանեկան աւանդոյթը՝  մասնաւորաբար կրթական ասպարէզին մէջ:

Պեյրութի Սէն Ժոզեֆ համալսարանի ճարտարագիտութեան բաժինը աւարտելէ ետք,՝ Աբիկ Զօրեան  30 տարի աշխատած է որպէս Հալէպի Ելեկտրամատակարարման եւ ջրամատակարարման ընկերութեան թէքնիք գծով տնօրէն, ապա հաստատութեան  փոխ-ընդհանուր տնօրէն:

30 տարի շարուանակ դասաւանդած է Հալէպի համալսարանի Ճարտարապետութեան բաժինը՝ Ձայն եւ Լոյս նիւթը։ Արաբերէն լեզուով հեղինակած աշախատասիրութիւնը, իբրեւ դասագիրք, առ այսօր կ’օգտագործուի համալսարանէն ներս։

Հաւատալով մարմնական եւ մտաւոր կրթութեան, եղած է առաջնակարգ մարզիկ ուսումնատենչ եւ գիտութեան մարդ։  Եղած է ընթերցասէր եւ տարբեր լեզուներու գիտակ:

Աւելի քան 80 տարի եղած է անդամ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան։ 1939-էն ստանձնած է բազմաթիւ պաշտօններ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Գործադրիր Մարմինէն ներս։  Մինչեւ 1988 եղած է  ՀԲԸՄ-ի Սուրիոյ Կրթական Յանձնաժողովի երկարամեայ ատենապետը։

ՀԲԸՄ-ի Սուրիոյ   Կրթական  յանձնախումբի իր ատենապետութեան կողքին,  ուսումնասիրած  է  հայկական արուեստն ու ճարտարապետութիւնը եւ հրատարակած է հայ մշակոյթի ազդեցութեան վերաբերեալ երեք մենագրութիւններ, որոնք արժանացած են բազմաթիւ պարգեւներու:

Աբիկ Զօրեան ուսումնասիրած է  հայկական մշակոյթը եւ անոր ունեցած դերակատարութիւնը միջազգային մշակոյթին վրայ։ Ֆրանսերէն լեզուով հրատարակած է “La culture Armenienne son passe son avenir”, երկհատորեակը, 1998 եւ 2004 թուականներուն, արժանանալով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  Գէորգ Մելիտենեցի մրցանակին։

Նուիրուած է ՀԲԸՄ-ի ամենամեծ դպրոցին՝ Հալէպի Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան Կեդրոնական վարժարանին, բազմաթիւ նախաձեռնութիւններով նպաստած է նոր սերունդի կրթութեան մակարդակի բարձրացման։ Իր երազանքն էր, որ հայ երիտասարդները ստանան լաւ կրթութիւն իրենց մասնագիտութիւններուն մէջ՝ հասնելով բարձր միջազգային դիրքերու։

Աբիկ Զօրեանի շիջումով Հալէպահայ գաղութը ընդհանրապէս եւ ՀԲԸՄ-ի մեծ ընտանիքը մասնաւորապէս կը կորսնցնեն  վաստակաշատ երախտաւոր աւագ մտաւորական ղեկավար մը: Բայց եւ այնպէս,  Զօրեաններու ազգանուէր աւանդոյթը կը շարունակուի վերանորոգ ճանապարհներով, յանձինս դոկտ. Երուանդ Զօրեանի, որ ոչ միայն իր գերդաստանին եւ շրջապատին պատիւ կը բերէ, այլ դարձած է միջազգային մակարդակի վրայ հանրածանօթ գիտնական մը:

Դոկտ. Երուանդ Զօրեան իր զաւակներուն ալ փոխանցած է Զօրեան գերդաստանի ջահը, որոնք անկասկած կը շարունակեն իրենց ժառանգած աւանդոյթը, նոր օղակներ աւելցնելով ոսկեայ շղթային վրայ:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին