Երկու տարեկան Էմմի Աւագեանը արժանացած է բրիտանական The Guardian պարբերականի ուշադրութեան, իր մօր հետ Մանչեսթրի Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցւոյ մատուցած պատարագին մասնակցութեան ընթացքին: Թերթի լրագրող-լուսանկարիչը ներկայ գտնուած է Մեծ Բրիտանիայի եւ Իրլանտայի հայոց թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպս. Մանուկեանի մատուցած Սուրբ Ծննդեան պատարագին եւ՝ մանրամասներ փոխանցած այն մասին, թէ հայերը Սուրբ Ծնունդը Յունուարի 6-ին ինչո՞ւ կը տօնեն: Լուսանկարիչը ընթերցողներուն ներկայացուցած է դրուագներ հայկական պատարագէն, ջրօրհնէքէն, ինչպէս նաեւ՝ տօնական շնորհաւորանքներէն: