*ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ*
«Կարեւոր է, որ ժողովուրդը
անգիտանայ իրականութիւնը,
բայց հաւատայ կեղծիքներուն»
Ֆրանսական
Վերջապէ՛ս, պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, թէ իսլամականներու կողմէ գրաւուած Հալէպի տարածքները ազատագրուած են, եթէ ոչ ամբողջութեամբ, ապա՝ մեծամասնութեամբ։ Անկեղծօրէն խորը շունչ քաշեցինք՝ յուսալով որ հնգամեայ դժոխքի վերջաւորութեան սկիզբը ըլլայ, եթէ շահագրգռուած խանգարող ուժեր մէջտեղ չգան ու չխանգարեն փխրուն վիճակի կարգաւորումը։ Անձամբ, ես յատուկ դիրք ունիմ աշխարհի ամենահին քաղաքներէն մէկուն՝ Հալէպի նկատմամբ։ Կը կարծեմ, թէ բոլոր հայերը նոյն զգացումը կրնան ունենալ, քանի որ Հալէպը այն վայրն է, ուր հանգրուանեցին մեր ժողովուրդի մեծ մասը, որոնք կարողացան մազապուրծ ճողոպրիլ մարդակերներու ձեռքէն՝ մէկ դար առաջ։ Այնտեղ էր, որ ստեղծուեցան հայկական համայնքներ, մշակոյթի կեդրոններ, հայկական դպրոցներ ու եկեղեցիներ, որոնք քաջութիւնն ու նպատակը ունեցան ինչպէս նաեւ կարողացան պահպանել մեր ինքնութիւնը դարաւոր աւանդութիւններով։
Մեզի համար, համեմատաբար ծաղկուն ու իւրայատուկ երկիրը, վերածուեցաւ կատարեալ դժոխքի, որու հեղինակներն են արեւմուտքի տիրակալները՝ իրենց օժանդակ սպասաւորներով ու շահախնդիր խորհրդատուներով, որոնց հիմնական լրբավայել պարագլուխն է ինքնաբաւ ու ժպտերես Օպաման։ Անոր ձգտումն է նմանիլ խոժոռադէմ Փութինին ու անկէ ետ չմանալ ։ Անոնք լիրբ ու լկտի ուժերու մարմնացումներն են ու կրնան իրենց հետ զուգահեռ քալեցնել շարք մը եւրոպական այլ երկիրներ։ Անոնց գործունէութիւնը միեւնոյն քաղաքականութեան երկու երեսները կը կազմեն՝ ստոյգ նպատակով ու որոշակի ծրագիրով։Անոնք, որոնք հանդիսատեսի դիրքէն կը նային՝ Օպաման ու Փութինը կը գնահատեն որպէս պարզ բարեգործութեան մրցակիցներ եւ հաստատ չէ, թէ անոնցմէ ո՞վ առաւել հաճոյակատար կրնայ ըլլալ։ Բայց դժուար է տեսնել, թէ այս երկու իրական թշնամիները, որոնք իրարու չեն կրնար հանդուրժել, ինչ աստիճանի մտահոգուած են քար ու քանդ եղած քաղաքի ու անոր բնակչութեան համար։ Առաջինը կը մատնանշէ, թէ ինչպէս է Հալէպը ծածկուած ռուսական ռումբերու աւերուածութեամբ, իսկ երկրորդը՝ հոգեցաւ զղջանքով մատնացոյց կ՛ընէ Մուսուլի վիճակը, որ հեռու չէ Հալէպի մէջ կատարուածներէն ։ Չափազանց կարեւորն այն է, թէ այս երկու համազօր հսկաներու միջեւ եղած պայքարը, կը կատարուի աւերակներու ու անմեղ դիակներու վրայ՝ այլ երկրներու մէջ:
Ի՞նչ ըսել միջազգային մամուլին, որու մէկ մասը միամտօրէն, եթէ իրապէս միամիտ է, կը հետեւին կեղծ հաղորդումներուն՝ էջեր լեցնելով, իսկ միւս ծախուած մասը կը գովերգեն մէկը կամ միւսը։ Միջազգային մամուլին ու անոր տխմար տրամաբանութեան հետեւելով, կը բացայայտենք, որ Հալէպը քար ու քանդ ընող ռումբերը երկու տեսակի են՝ լաւ եւ վատ։ Լաւ տեսականին այն է, որ կը գործածեն եւրո-ամերիկեան կործանիչները, իսկ վատը ռուսերու գարծածածն է։ Գաղտնիքն այն է, որ լաւ ռումբերը կ՛ընտրեն եւ կ՛իյնան ճիշդ մարդանման մօրուքաւոր իսլամական ահաբեկիչներու վրայ, առանց շրջապատին վնաս պատճառելու, մինչդեռ ռուսականները՝ անգիտակցաբար կը պայթին ամէն տեղ, վնասելով նոյնիսկ դպրոցներն ու հիւանդանոցները։ Օրինակ, երբ լաւ ռումբը կ՛իյնայ կիներով ու երեխաներով լեցուն մեքենայի մը վրայ, որուն մէջ կայ նաեւ իսլամական մը, ապա այդ խելացի ռումբը կ՛ոչնչացնէ միայն ահաբեկիչը, իսկ միւսները կը փրկուին անվնաս կամ փոքր վնասուածքներով, մինչդեռ ռուսական ռումբը, յիմարաբար կը սպաննէ բոլորը, առանց խնայելու կիներն ու երեխաները։ Այդ պատճառով կարելի է հասկանալ, որ սուրիացիներու համոզմունքն է ու ցանկութիւնը, որ այդ բարի աւերիչները հնարաւորին չափ երկար մնան իրենց երկիրը։
Իրականութեան մէջ, մէկը կը պայքարի իսլամականներու դէմ՝ Ասատի «ցուցմունքով», իսկ միւսը քիւրտերու՝ Էրտողանի պահանջով։
Եթէ Օսլոյի երդուեալներու քննիչ յանձնախումբը պատուոյ ու տրամաբանութեան զգացում ունենար, ապա անմիջապէս ետ կը կանչէր Օպաման ու անվաւեր կը յայտարարէր անոր շնորհած խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակը, որուն ան արժանի չէ, իր թեթեւսոլիկ կեցուածքով։ Ան չունի սեփական կարծիք ու նպատակ իր երկրի շահերուն նկատմամբ, բացի զինամթերքի վաճառքի եւ համաշխարհային կարեւոր խնդիրներու վերաբերեալ անտրամաբանական եւ մասնաւոր մօտեցումէն։
Այս խառնաշփոթ վիճակէն օգտուողները եւ իրենց ցանկացած խաղը խաղցողները կը մնան Հրէաստան՝ ապահովելով իրենց երկրի անվտանգութիւնը, իսկ Էրտողանը, որ լուտանքներ յղելով ԱՄՆ-ի, Ռուսիոյ, ՄԱԿ եւ եւրոպական ցանկացած երկիրներու ուղղութեամբ, վերջաւորութեան բոլորին հետ փաթթուելով բարեկամական ժպիտը երեսին կը նկարուի՝ ի գիտութիւն եւ ի զարմանք աշխարհի։
Երկու հսկաները, որոնք մեղսակիցներ են, իրենց նորաթուխ բարեկամին՝ Էրտողանին, ոչ միայն թոյլ կու տան, այլ նաեւ կը քաջալերեն ու կ’օգնեն Սուրիոյ՝ տարածքին գտնուող քիւրտերու ոչնչացման գործին մէջ։ Գաղտնիք չէ, թէ որպէս նպատակ Էրտողանը կը փայփայէ այն միտքը, թէ ինչպէս եւ ինչ գնով ալ որ ըլլայ, անհրաժեշտ է վերջացնել իր նախնիներու կիսատ ձգած ծրագիրը՝ 1.5 միլիոն հայերուն ոչնչացնելէն ետք անցնիլ քրտական հարցին։ Վեջիններս ժամանակին չհասկացան, որ հայերու հետ հարցը վերջակէտի հասցնելէն ետք կարգը իրենց պիտի գար, միւս փոքրամասնութիւններու հետ միատեղ, մինչդեռ հնարաւոր էր այդ փոքրամասնութիւնները իրարու միանալու իմաստութիւնը ունենային ժամանակին եւ կիսամեռ օսմանական կայսրութենէն պատուով անջատուէին, նոյնիսկ եւրոպացիներու չկամութեամբ եւ այսօր պատկերը այլ կ’ըլլար։
Ներկայիս Սուրիոյ մէջ գտնուող քիւրտերը 2.8 միլիոն , ընդհանուր մօտ 35 միլիոն կազմող քրտական համայնքի մաս կը կազմեն, եւ Անգարայի համար անքուն գիշերներու պատճառ դարձած են, քանի որ 1915-ի համեմատ ժամանակը նոյնը չէ ու անոնք զինուած են արդիական բոլոր տեսակի զէնքերով։ Կարեւորն այն է, որ անոնք պատրաստ են զոհաբերութիւններու՝ առանց դիրք զիջելու։ Անոնց դիմաց կանգնած է թրքական հզօր բանակը, որ ունի ԱՄՆ-ի եւ Ռուսիոյ օրհնութիւնը եւ աջակցութիւնը։ Այդպիսի կարգավիճակ կրնայ տանիլ դէպի նոր ազգասպանութեան։
Անգիտութեան, տկարամտութեան թէ զուտ տխմարութեան կամ անհոգութեան պատճառով, Էրտողանը կախարդած է արեւմուտքը, անոնց համոզելով, թէ կը պայքարի իսլամականներու դէմ, մինչդեռ իրականութեան մէջ կը զինէ զանոնք, առեւտրական ստուերային յարաբերութիւններու մէջ է անոնց հետ եւ սկզբունքով անոնց համակիրն ու գործընկերը ըլլալով, ամէն քայլի կը դիմէ քիւրտերը ոչնչացնելու համար։ Անկեղծօրէն չեմ կարծեր, թէ արեւմուտքը այդ չի հասկանար կամ չի տեսներ, այլ ներքին ծածուկ համաձայնութեամբ լուռ կը մնայ՝ իբրեւ մեղսակից եւ թերեւս կը սպասէ, թէ ի՞նչ շահ պիտի ունենայ այդ խառնաշփոթ վիճակէն, քանի որ անկարող է միջամտելու։ Այստեղ աւելորդ չէ յիշել ֆրանսական դիւանագիտութեամբ օժտուած հրեայ նախարար Ֆապիւսի անընդհատ կրկնուող «Սուրիան առանց Ասատի» բանաձեւը։ Ոչ ոք հարց տուաւ, թէ ի՞նչ իրաւունքով եւ որո՞ւ թելադրանքով։
Արդեօք, միջազգային քրէական ատեանները, օր մը դատապարտեալի աթոռին կը նստեցնեն օպամաները, փութինները ու անոնց նմանները, որոնք Անգարայի մեղսակիցները եղած են այսօր, 1915-ին ու անկէ առաջ։
Այն խաղերը, որ կը խաղան Ուաշինկթընն ու Մոսկուան Անգարայի հետ, առանց բացառութեան կ’ընեն նաեւ Պագուի հետ եւ ինչո՞ւ չէ, նաեւ ուրիշի հետ, եթէ յայտնուի։