Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

2017-Ն, Էրտողանը, Թուրքիան Եւ Մենք

 

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Թափած արեան չափ մելան ալ հոսեցաւ Նոր Տարուան գիշեր Պոլսոյ մէկ գիշերային ակումբին մէջ կատարուած ահաբեկչական քստմնելի արարքին համար: Մետիան ալ, նամանաւանդ, տեսողականը՝ իր կարգին բաւական օգտուեցաւ մարդոց պատահած դժբախտութենէն՝ լուր շինելու եւ եթեր ծախելու անբարոյ պատեհապաշտութեամբ…:

Սակայն կայ լուրէն անդին երեւոյթ մը, որուն մասին պէտք է լաւ խորհրդածել: Կայ Թուրքիոյ իրավիճակը, որ մանաւանդ մեզ՝ հայերս պէտք է շահագրգռէ եւ որուն մասին պէտք է խորաթափանց մօտեցում ունենանք:

Թուրքիան այսօր Աթաթիւրքի Թուրքիան չէ՝ իր բանակի հզօրութեամբ եւ կրօնքը պետութենէն բաժնելու գաղափարախօսութեամբ: Այսօրուան Թուրքիան Էրտողանի Թուրքիան է՝ իր ամէն դժուարութիւններով: Վերջերս Թուրքիոյ մէջ պատահած յեղաշրջումի փորձը եւ անոր հակազդեցութեամբ ձերբակալութիւններու թիւը մրցանշային է: Ինչո՞ւ հսկայ թիւով մարդ ձերբակալուեցաւ:  Որո՞ւն եւ ի՞նչ վտանգ կը սպառնան անոնք: Ո՞ւր էին ապահովական մարմինները յեղաշրջումէն առաջ: Ո՞վ է Ֆաթհալլահ Կիւլէնը եւ ի՞նչ դեր վստահուած է անոր…:

Տեսականօրէն իւրաքանչիւր յաջող կամ ձախող յեղաշրջումներուն յաջորդած են այլ յեղաշրջումներ: Որքա՞ն լուռ պիտի մնան ձերբակալեալները եւ անոնց ընտանիքներն ու անմիջական շրջանակը: Ձերբակալեալները անշուշտ օր մը ազատ պիտի արձակուին լեցուն ատելութամբ՝ հանդէպ վարչակարգին: Ի՞նչ պիտի ըլլայ ասոր արդիւնքը…: Հապա Քիւրտերը կամ քրտամէտ կուսակցութիւններն ու հասարակութիւնը: Անոնք ինչպէ՞ս պիտի հակադարձեն՝ առիթէն օգտուելով իրենց դէմ բանեցուած բռնութիւններուն..

Անցնինք ուրիշ կէտի: Քանի մը շաբաթ առաջ Անգարայի մէջ դարձեալ ահաբեկչական արարքով մը սպանուեցաւ, Թուրքիոյ մէջ, Ռուսիոյ դեսպանը: Ահաբեկիչը ոստիկան էր…: Գործողութիւնը աւարտեցաւ ահաբեկիչին սպանութեամբ: Այսինքն լռութեան մատնելով այդ թղթածրարին կարեւոր դերակատարը: Սպանողները ապահովական ուժեր էին…:

Դարձեալ անցնինք այլ կէտի: Գնդաձիրով եւ հսկայ զինամթերքով զինեալ ահաբեկիչ մը, քանի մը օր առաջ, 15 ապահովական պատասխանատուներ եւ անցարգելներ (որոնք քանիցս խուզարկած են վայրը մուտք գործող ներկայ հիւրերը) եւ ամէն ապահովական կէտ ճեղքելով կրցած էր հասնիլ սրահ եւ կրակել մօտ 20 վայրկեան՝արձակելով  շուրջ  հարիւր փամփուշտ 39 մարդ սպաննել, տասնեակներ վիրաւորել եւ… առօք փառօք փախչիլ… եւ մինչեւ օրս ազատ մնալ հակառակ անոր ինքնութեան յայտնաբերումին…. կամ յայտնաբերումի պատմութեան, որովհետեւ կարգ մը աղբիւրներ յայտնեցին, որ Ասիացի մեղադրեալի անունով անձ մը, որ գտնուած է Թուրքիա՝ վերադարձած է իր երկիրը, հարցաքննուած ու ազատ արձակուած…: Այսինքն այդ անունին շուրջ շինուած պատմութիւնը կրնայ եւ շինծու ըլլալ…:

Այս բոլորին վրայ եկէք աւելցնենք նաեւ Թուրքիոյ այլազան վայրերուն մէջ իրականացուող պայթումները, որոնցմէ վերջինը՝ Իզմիրի երէկուայ պայթումը…:

Ի՞նչ կը նշանակեն վերոյիշեալները: Զուգահեռ մը չկա՞յ արդեօք այս պատահարներուն մէջ: Արագ վերլուծումով մը նախ կարելի է ըսել, որ թրքական ապահովական հաստատութիւնները վատառողջ են: Անցնելով աւելի խորը նաեւ կարելի է ըսել, որ ինչո՞ւ չէ՝ ներթափանցուած են: Հակաիշխանական նաեւ ահաբեկչական խմբաւորումներ որոշ ազդեցութիւն մը ունենալու են այդ հաստատութիւններուն մէջ, ապա թէ ոչ վերոնշեալներէն եւ ոչ մէկը կրնար պատահիլ…:

Հիմնուելով վերոյիշեալներուն վրայ նաեւ մտաբերելով, որ Սուրիոյ տագնապը ինչ որ տեղ բնականացում  կ’արձանագրէ, ուր զինեալ խումբեր տեղի կու տան իշխանական ուժերուն, ո՞ւր պիտի տեղափոխուին անոնք եւ ո՞ւր գործեն, եթէ ոչ՝ սահմանակից Թուրքիոյ մէջ…:

Սուրիայէն վերջ, որուն ապագան տակաւին մութ է ապահովութեան կամ հողերու ամբողջականութեան առումով,  արդեօ՞ք   հարցը 2017-ին պիտի փոխադրուի Թուրքիա՞…:

Թուրքիոյ ապագան, սիրելի ընթերցող, բաւական վտանգուած կը թուիլ: Հակառակ Էրտողանի յոխորտախօսութիւններուն, այնտեղ դէպքերը կրնան գահավիժող ընթացք ստանալ:

Պոլսոյ Հայ գաղութին ի՞նչ վտանգ կը սպառնայ արդեօք, եթէ նման բան մը պատահի: Ազգովին պատրա՞ստ ենք նման հաւանականութեան, թէ ինչպէս միշտ պիտի հակազդենք, երբ փորձանքը պատահի…:

Քաղաքական գետնի վրայ արդեօք որքա՞ն պատրաստ ենք Թուրքիոյ մէջ հաւանական պատահելիքէ մը յառաջ գալիք արդիւնքներուն կամ ներկայ թուրքիոյ հողային ամբողջականութեան հետ կապուած հարցերու առընչութեամբ…: Նման բան մը պատահելէ ետք մեր պահաջատիրական հարցը ի՞նչ պիտի ըլլայ…: Քանի՞ կողմէ պահանջք պիտի ունենաք եթէ, օրինակի համար, Քիւրտիստան մըն ալ ստեղծուի մեր հողերուն վրայ…:

Մենք հոգեպէս եւ քաղաքականապէս պատրա՞ստ ենք նման հաւանականութիւններու:

Չեմ կարծեր:

Մոռցայ ըսելու, որ նման հաւանական վերիվայրումներու բեմը մեր հայրինիքին՝ Հայաստանին, անմիջականօրէն դրացի աշխարհատարածք է…: Այս ալ ի միտի ունենանք:

Շնորհաւոր Նոր Տարի:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին