Տօնական օրերու հաճելի անակնկալներէն էր Դոկտ. Հայկ Մսըրլեանի այցելութիւնը «Զարթօնք»-ի խմբագրատուն՝ իր եղբօր Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի ընկերակցութեամբ:
Ժամանակէ մը ի վեր ԱՄՆ հաստատուած Դոկտ. Հայկ Մսըրլեան, տարուան կէսը կ՛անցնէ տարածաշրջանին մէջ՝ իր հմտութիւնը նաեւ փոխանցելով Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի ուսանողներուն, որպէս այցելու դասախօս:
Դոկտ. Հայկ Մսըրլեան մեծ խանդավառութեամբ խօսեցաւ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին մասին: Ան վեր առաւ անոր դերը Հայ երիտասարդութեան բարձրորակ ուսումնառութեան մէջ, որուն շնորհիւ անոնք շրջանաւարտ հանդիսանալէն ետք լաւապէս կը վարձատրուին իրենց ընտրած գործի ասպարէզին մէջ՝ մնալով մայր հողին վրայ:
Հանդիպումը առիթ մըն էր խօսելու հինէն ու նորէն: Մսըրլեան եղբայրները իրենց տունն է, որ կ՛այցելէին անշուշտ, որովհետեւ եթէ այս տարի «Զարթօնք» պիտի տօնէ իր 80 ամեակը, ապա այդ մէկը կը պարտի մեր թերթին հրատարակման մէջ մեծ դեր ունեցած ՌԱԿ-ի երախտաւոր ընկեր Մկրտիչ Մըսըրլեանին՝ հայրը մեր ազնիւ հիւրերուն, որոնք որպէս արժանաւոր զաւակները մեր երէց ընկերոջ իրենց հոգատարութիւնը բնաւ չեն զլացած «Զարթօնք»-ին:
Երախտաւոր ընկեր Մկրտիչ Մսըրլեանի լուսանկարը կը զարդարէ մեր խմբագրատունը: Յուզիչ էր այն պահը, երբ հրաժեշտէ առաջ եղբայրները լուսանկարուեցան մեծ հայուն՝ իրենց հօր նկարին մօտ:
«Խմբ.»