Զրուցեց՝ ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԱԵԱՆ
Հրց. Պրն. Նախարար, 2016 թուկանը ճակատագրական եղաւ Լիբանանի համար, երբ ի վերջոյ ընտրուեցաւ հանրապետութեան նախագահ Զօր. Միշէլ Աուն եւ վարչապետ՝ յանձին Սաատ Հարիրի: Ինչպէ՞ս կը տեսնէք 2017 թուականը փորձառու պետական գործիչի եւ քաղաքագէտի ակնոցով:
Պտսխ. Շնորհակալ եմ այս հարցազրոյցին համար: Լիբանանը որոշ ժամանակ առանց նախագահի մնաց, ինչպէս որ ըսինք: Այն մեծ վնասներ ունեցաւ խորհրդարանի աշխատանքներուն, որ փաստօրէն անգործութեան դատապարտուած էր: Միայն 2 ընդհանուր ժողով եղաւ, որոշ կարեւոր որոշումներ ընդունուեցան միջազգային ընտանիքին եւ ՄԱԿ-ին կողմէ պարտադրուած: Այս բացակայութիւնը նոյնպէս հսկայական վնասներ պատճառեց երկրին՝ տնտեսական ու քաղաքական եւ այլ բնագաւառներուն, աւելին՝ Լիբանանի ժողովուրդը իր վստահութիւնը կորսնցուց պետութեան վրայ: Հիմա տեղ մը հասաւ, երբ բոլոր քաղաքական ուժերը հասկցան թէ վտանգը համընդհանուր է եւ պէտք է այս երկիրը կայուն եւ խաղաղ մնայ եւ պէտք է ժողովուրդին բոլոր հարցերը կարգաւորեն: Ժողովուրդը շատ նեղ պայմաններու մէջ կ’ապրի: Այս բոլորը ստիպեցին քաղաքական ուժերուն, որ համաձայնութեան գան եւ Միշէլ Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրեն:
Համաձայնութիւնը նոյնպէս եղաւ, որպէսզի Սաատ Հարիրին նշանակուի վարչապետ: Նոյն պայմանները ստիպեցին որ կառավարութիւնը արագ կրպով կազմուի, որովհետեւ այս պայմանները երկիրը այլեւս չի շալկեր: Բոլոր քաղաքական ուժերը ներկայացուեցան կառավարութեան մէջ, բացի փաղանգաւորներէն եւ քանի մը անկախ երեսփոխաններէ:
Այս կառավարութեան կեանքը 6 ամիս է եւ ըստ օրէնքի սկզբունքով Մայիսին խորհրդարանական ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան: Եւ այս կառավարութիւնը պիտի հրաժարի: Արդեօք այս ժամանակաշրջանին ինչպիսի՞ աշխատանքներ պէտք է յառաջ տարուին, որպէսզի այս անցած տարիներու վնասները հատուցուին եւ թէ որքանով պիտի կարողանանք ժողովուրդին պահանջքները բաւարարել. Դժուար գործ է: Մեր ժողովուրդին իրաւունքն է այս կառավարութեան պետական իրավիճակի վերականգնման եւ տնտեսական իրավիճակի բարելաւման լուծումներ գտնելը:
Նկատի պիտի առնենք, որ բոլոր տարածաշրջանը պատերազմական վիճակի մէջ է: Արաբական այն հարուստ երկիրները, որոնք Լիբանանին տնտեսապէս կ’օգնէին, իրենք ալ վնասներու եւ տնտեսական ճգնաժամի մէջ են, մանաւանդ Եւրոպան եւ Ամերիկան տնտեսական մեծ դժուարութիւններու մէջ են:
Եթէ Լիբանանը ինքզինք չփրկէ, ոչ մէկը մեզի փրկելու չէ…: Ժողովուրդին դարձեալ վստահութիւն պիտի տանք, որ այս երկիրը ապագայ ունի եւ կրնանք յաղթահարել ճգնաժամը:
Ճիշդ է, որ Սուրիոյ մէջ խաղախութիւն կը փորձեն հաստատել, բայց այդ չի նշանակեր թէ պատերազմը վերջ գտած է: Աւելի քան 1.5 միլիոն սուրիացի գաղթականներ եւ 350 000 պաղեստինցիներ այսօր կ’ապրին երկրին մէջ, դժուար պայմաններու մէջ: Արդեօք ինչպէ՞ս պիտի կարողանանք ապահովել անոնց բոլոր կեանքի պահանջքները: Հոս ալ պէտք է նկատի առնենք, որ ճիշդ է թէ Լիբանանէն օգնութիւններ կու գան, բայց բաւարար չեն այս ծանր գաղթականներու հարցը լուծելու: Լաւատես եմ, որովհետեւ երբ այս բոլոր համաձայնութիւնները տեղի ունեցան երկրին մէջ, հիմա աւելի հանդարտ է եւ կ’ուզեն դրական կերպով համաձայնութեան գալ, որովհետեւ որեւէ վատ դէպքերու պատճառով բոլորը պիտի վնասեն, քանի որ երկիրը այսպէս չի կրնար շարունակել: Կառավարութիւնը առաջին քայլը որ պիտի ընէ, պիւտճէի կարգաւորումն է: Յստակ չէ պարտքերը ինչպէ՞ս կ’աւելնան, ծախսերը կառավարելի չեն: Այսպիսով եկամուտը եւ ծախսերու գումարները կառավարութեան աւելի յստակ կ’ըլլան եւ կրնայ լուծումներ գտնել, որպէսզի այնպիսի վիճակի չհասնինք, որ Լիբանան չկարողանայ պահել դրամին արժէքը:
Մաղթենք, որ խաղաղ տարի մը բոլորենք 2017-ին: Խաղաղութիւնը կը հաստատուի ոչ թէ պատերազմով, այլեւ՝ համաձայնութեամբ բոլոր կողմերուն: Միջազգային մեծ ուժերը ասոր մէջ մեծ դեր ունին: լիբանանի կրնայ բարելաւել վիճակը, երբ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն թեւածէ եւ պատերազմը վերջ գտնէ Սուրիոյ մէջ: Սուրիան վերակառուցելու համար միջզգային ընկերութիւնները պէտք պիտի ունենան «տեղական» գործընկերներու, որոնք առաջին հերթին, աշխատասէր ու խելացի, ձեռներէց լիբանանցիներն են:
Հրց. Որպէս լիբանանահայ բազմիցս պետական երեսփոխան եւ նախարար, ի՞նչ խօսք ունիք փոխանցելու մեր ընթերցողներուն եւ քաղաքացիներուն:
Պտսխ. Կարեւոր հարցը իբրեւ հայ այս երկրին մէջ մեր իրաւունքները պաշտպանելն է: Միեւնոյն ժամանակ մեր խօսքն ու կարծիքը ունենանք քաղաքական կեանքին մէջ: Պէտք է Լիբանանի մնացած համայնքները գիտնան, թէ հայերը իրենց ուժն ու տեղը ունին եւ կը մասնակցին երկրին զարգացման գործընթացին եւ կարեւոր բաժինն է Լիբանանի համայնքային կազմին մէջ։
Կը պահպանենք մեր կրօնը, մշակոյթը, լեզուն, կառոյցները, բայց պէտք է ցոյց տանք,որ իբր լիբանանցիներ 200-300 տարիէ ի վեր եկած ենք այս երկիրը եւ մասնակցած անոր կառուցման եւ այլ կենսական աշխատանքներու:
Այս բոլորը մեզի ուժ եւ կարողութիւն կու տան աշխատելու եւ ծառայելու ժողովուրդին: Մենք Լիբանանցի ենք եւ որպէս մայր հայրենիք Հայաստանը ունինք, սակայն այս չի նշանակեր, որ չենք կրնար ըլլալ լաւ հայեր եւ Լիբանանի քաղաքացիներ: