Դեկտեմբեր 15-ին Գանատայի ՀՀ դեսպանատան մէջ կայացաւ «Ժամանակակից հայ նկարիչներու 25 ստեղծագործութիւններ» խորագիրով ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը` նուիրուած ՀՀ անկախութեան 25-ամեակին: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Երեկոյին ներկայ էին գանատացի հասարակական-քաղաքական գործիչներ, դիւանագէտներ, արուեստագէտներ, լրագրողներ, հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ:
Ցուցահանդէսի բացման առթիւ ունեցած իր ելոյթին Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան հիւրերուն ներկայացուց ցուցահանդէսին ցուցադրուող ստեղծագործութիւնները` նշելով, որ ընտրուած 25 լաւագոյն ստեղծագործութիւնները խորհրդանշական կերպով կը ներկայացուին ՀՀ անկախութեան 25-ամեակին առթիւ: Դեսպանը ընդգծեց, որ նմանատիպ մշակութային ձեռնարկները չափազանց կարեւոր դերակատարում ունին Գանատայի մէջ՝ հայկական մշակոյթի հանրահռչակման գործին մէջ:
Տեղեկանք․ ՀՀ անկախութեան 25-ամեակին առիթով գանատահայ բարերարներ Լեւոն եւ Աննա Աֆէյեաններու աջակցութեամբ «Noah’s Ark» պատկերասրահի տնօրէն Մովսէս Հէրկէլեան Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան ի պահ տուած է ժամանակակից հայազգի յայտնի նկարիչներ եւ քանդակագործներ՝ Եուրոզի, Վահրամ Դաւթեանի, Վահան Ռումէլեանի, Սուրէն Ոսկանեանի, Դաւիթ Դ-ի, Արտօ Չաքմաքչեանի, Պերճ Չակէտճեանի, Մկրտիչ Տարաքճեանի շարք մը ստեղծագործութիւններ: