Յունուար 3 լոյս 4-ին, Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ հակառակորդը, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, ներառեալ` դիպուկահար հրացաններէն, հրադադարը խախտած է մօտ 40 անգամ` հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 700 կրակոց:
ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններով` ՊԲ առաջապահ ստորաբաժանումները պատասխան գործողութիւններու չեն դիմած: Սահմանագօտիի ողջ երկայնքով՝ հայ դիրքապահները կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը եւ ապահովել առաջնագիծի պաշտպանութիւնը: