Չորեքշաբթի, 04. 06. 2025

spot_img

Հալէպի Մէջ 68 Նորածիններու Ամանորեան Նուէրներ Բաշխուեցան

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի հովանաւորութեամբ եւ թեմի Նպաստից Յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 30 Դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2016 տարեշրջանի 68 նորածին հայ մանուկներու ամանորեան նուէրներու բաշխում:

Հանդիպումը բաց յայտարարուեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր Տէրունական աղօթքով, ապա առաջնորդ Սրբազան հայրը շնորհաւորեց 2016-ի ծնունդ մանուկները եւ անոնց ծնողները Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան զոյգ տօներուն առիթով՝ մաղթելով խաղաղ ու բարի տարի մը Սուրիական Հայրենիքին, Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախին ու Հալէպ քաղաքին։

Տէր Շահան շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարներուն, որոնք երբեք չզլացան իրենց աջակցութիւնն ու օժանդակութիւնը բերելու գաղութիս զաւակներուն ու 68 մանուկներու ծնունդը բնորոշեց իբրեւ կեանքի լոյս եւ ներշնչանք մեր բոլորին:

Իւրայատուկ այս հաւաքի աւարտին, առաջնորդ Սրբազան հայրը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց նորածին մանուկներն ու իրենց ծնողները, մաղթելով որ մեր երկնաւոր Տէրը բոլորին պահէ, պահպանէ անփորձանք ու անվտանգ, առողջ ու անսասան, եւ Նոր Տարին ըլլայ ճշմարիտ խաղաղութեան, վերածաղկումի տարի:

Եզնիկ Քհնյ. Զղջանեան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին