Չորեքշաբթի, 04. 06. 2025

spot_img

Անխուսափելին

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

  1. Ու Սիմէոն օրհնեց զանոնք, եւ անոր մօրը Մարիամի ըսաւ. «Ահա այս Մանուկը Իսրայէլի մէջ շատ մարդոց իյնալուն ու ելլելուն համար, ու հակառակութեան նպատակ ունենալու համար կեցած է: 35. (Եւ քու սրտէդ ալ թուր մը պիտի անցնի):

Ղուկաս Բ.

«Եւ քու սրտէդ ալ թուր մը պիտի անցնի»:

Ծնունդը կը յատկանշուի կեանքի շարունակականութեան հաւաստիքով, ինչպէս գարնան ծաղիկը նոր սկիզբի մը երաշխիքն է: Ծնունդը կը յատկանշուի նաեւ սկիզբը յաջող ընթացքի, քանի որ սաղմնաւորուելէն մինչեւ ծնունդ ճամբայ կայ: «Մոխրանում են ծիլերը չելած» (Ե.Չ.) բայց արդէն ծնունդը ծնիլը կը փաստէ ու երթը կը շարունակուի:

Ստոյգ է թէ ամէն ծիլ իր մէջ իսկ կը պարունակէ մահանալու սաղմը «երբ ամէն մի վայրկեանը ե՛ւ գիւտ է եւ կորուստ» (Ե.Չ.), սակայն աճումի ընթացքին աննկատ կ’անցնի մահուան իրականութիւնը, ան ծածկուած է ( եւ յաճախ մենք կը ծածկենք) անտեսումի շղարշով, քանի՝ անկարելի կը թուի ապրիլ ամէն վայրկեան մահուան գաղափարին զուգահեռ. Բայց անտարակոյս օր մը ամէն կենդանի պիտի վերադառնայ… անծանօթ աշխարհ:  Կը խուսափինք նոյնիսկ մահ բառը հնչելէ… եւ գերեզմաններ կը կառուցենք քաղաքէ դուրս վայրի մը մէջ, աչքէ հեռու. բայց օր մը պիտի գայ անխուսափելին ու կը պիտի յենինք յուշին, իբրեւ միակ սփոփանք:

Բայց թէ ծնողը ինչ առաքելութեամբ է եկած, կամ ի՛նք ստանձնած կեանքի տեւողութեան, կամ իբրեւ յանձնարարուած, ի յայտ պիտի գայ ժամանակի ընթացքին:

Ընդհանրացած է ժողովուրդներու մօտ իրենց կրօնապետին վերագրել ֆիզիքական կամ այլ հրաշքներ կատարող ու գերբնական ուժերու տիրապետող բացառիկ էակներ, տեսիլքով ծնած կամ մարգարէութեամբ եւ կոյսէ ծնած ըլլալու պարագաներ:

Յիսուսի ծնունդին Արեւելքէն երեք մոգեր եկան, հետեւելով փայլուն աստղի մը…Մարգարէութիւնը կը սկսէր կատարուիլ… պիտի շարունակուէր ինչպէս որ գրուած էր, լրիւ, ամբողջութեամբ:

Ծնունդն ու մահը երկուքն ալ բնութեան պարգեւներն են. եւ սակայն առաջինը կը դիմաւորենք ուրախութեամբ, գանձ գտած ըլլալու պէս: Իսկ երկրորդը՝ լացով ու ողբով, կորսնցուցած ըլլալու ցաւով եւ անորոշին յուղարկաւորելու ստուգութեամբ: Ըլլալով երկուքն ալ բնութեան պարգեւները, սակայն, «Չէ՞ դու էլ ես մահացու, մահուան դող կայ սրտիս մէջ» (Յ.Թ.):

Մարդ արարածը կ’ուզէ յաղթահարել ամէն արգելք, ի միջի այլոց, անկարելին՝ մահը: Չորս հազարամեակէն կու գայ «Կիլկամիշի հերոսամարտը» գիրքը, ուր Կիլկամիշ, հետամուտ յաւիտենական կեանքի, կ’անցնի բազմաթիւ դժուարութիւններէ, կը դիմագրաւէ քաջաբար, սակայն, վերջ ի վերջոյ. « Տնտեսուհին բարբառում է կիլկամիշին.- Աստուածները երբ ստեղծեցին մարդուն, նրան մահ սահմանեցին, կեանքն իրենց ձեռքերում պահեցին»:

Սակայն, մարդ արարածը չի հրաժարիր յաւիտենականութեան գաղափարէն ու զայն կը գտնէ կրօններու միջոցաւ, արուեստներու, եւ զանազան միջոցներով, արշաւանքներով, գիւտերով, փիլիսոփայութեամբ եւ այլ…

  • «Մահը մերն է մենք մահինը, մարդու գործն է միշտ անմահ» (Յ.Թ.)
  • Մեծն Աղեքսանդրի անունով տակաւին կը յիշուի փոքր Ասիոյ Միջերկրականի մօտ, Սուրիոյ հիւսիս արեւմուտք գտնուող Աղեքսանտրէդ քաղաքը, ինչպէս նաեւ՝ Եգիպտոսի Աղիքսանտրիան:
  • Արձաններու գոյութիւնը, մետաղէ դրամներու վրայ նկար եւ արձանագրութիւն… կը միտին անմահութեան… մանաւանդ՝ բուրգերը:
  • Հիմա, որ հանգիստ մը նստելով կոճակ մը կը ճնշենք ու լոյսը կը վառի… Էտիսընի կը պարտինք եւ դեռ՝ ինչե՜ր զանազան գիտնականներէ…
  • Դակոր, հնդիկ մեծ բնաստեղծը կը գրէ. «Քանի կը սիրեմ կեանքը, պիտի սիրեմ նաեւ մահը»:

Այսպէս, մարդ արարած, բանական արարած ու կ’ուզէ միացնել մահուան ու կեանքի իրականութիւնները, հինէն ի վեր եւ պարտք կը զգամ յիշելու Լաօ Ցէն… իր համապարփակ աշխարհ ընկալումին համար, որմէ օգտուած են անպայման հետաքրքրուող, հետախուզող միտքեր…

Եւ վերջապէս.-

«Հերթով գալիս անց ենք կենում այս անցաւոր աշխարհում» (Յ.Թ)

Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ…

(նախապատրաստութեան օրինակելի իրակնութիւն մը)

«Բայց սրտէդ ալ թուր մը պիտի անցնի»

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին