Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

«Զարթօնք»-ի Հոգեհարազատ Բարեկամներու Հետ

Տօնական օրերու հաճելի անակնկալներէն էր Դոկտ. Հայկ Մսըրլեանի այցելութիւնը «Զարթօնք»-ի խմբագրատուն՝ իր եղբօր Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի ընկերակցութեամբ:

Ժամանակէ մը ի վեր ԱՄՆ հաստատուած Դոկտ. Հայկ Մսըրլեան, տարուան կէսը կ՛անցնէ տարածաշրջանին մէջ՝ իր հմտութիւնը նաեւ փոխանցելով Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի ուսանողներուն, որպէս այցելու դասախօս:

Դոկտ. Հայկ Մսըրլեան մեծ խանդավառութեամբ խօսեցաւ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին մասին: Ան վեր առաւ անոր դերը Հայ երիտասարդութեան բարձրորակ ուսումնառութեան մէջ, որուն շնորհիւ անոնք շրջանաւարտ հանդիսանալէն ետք լաւապէս կը վարձատրուին իրենց ընտրած գործի ասպարէզին մէջ՝ մնալով մայր հողին վրայ:

Հանդիպումը առիթ մըն էր խօսելու հինէն ու նորէն: Մսըրլեան եղբայրները իրենց տունն է, որ կ՛այցելէին անշուշտ, որովհետեւ եթէ այս տարի «Զարթօնք» պիտի տօնէ իր 80 ամեակը, ապա այդ մէկը կը պարտի մեր թերթին  հրատարակման մէջ մեծ դեր ունեցած ՌԱԿ-ի երախտաւոր ընկեր Մկրտիչ Մըսըրլեանին՝ հայրը մեր ազնիւ հիւրերուն, որոնք որպէս արժանաւոր զաւակները մեր երէց ընկերոջ իրենց հոգատարութիւնը բնաւ չեն զլացած «Զարթօնք»-ին:

Երախտաւոր ընկեր Մկրտիչ Մսըրլեանի լուսանկարը կը զարդարէ մեր խմբագրատունը: Յուզիչ էր այն պահը, երբ հրաժեշտէ առաջ  եղբայրները լուսանկարուեցան մեծ հայուն՝ իրենց հօր նկարին մօտ:

«Խմբ.»

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին