Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

Նորագոյն Հայեր

*Դոկտ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ*
Խորէնին, Բունի տղոց, Անիին, Յովիկին

Մի քանի օր առաջ Այնճար, տունը, ընթրիքի սեղանի շուրջ բարեկամներու հետ նստած հաճելի ժամանակ կ’անցընէինք: Հարցուցի թէ խօսին 2016ի ընթացքին իրենց պատահած կարեւորագոյն դէպքի մը մասին: Ներկաներս զանազան բաներ ըսինք: Ես ալ ըսի որ ուրախութիւն էր ինծի համար ամէն անգամ որ շրջապատիս մէջ վերելք կը տեսնէի՝ հակառակ այլազան տխուր իրողութիւններու: Աւելի յստակ չկրցայ ձեւակերպել միտքս, ու ատոր համար ալ դժգոհ մնացի ըսածէս: Զիս տպաւորեց Նայիրիին ըսածը: Ան գոհունակութեամբ ըսաւ որ կրցեր էր ի՛ր տունը ունենալ:

Նայիրին հալէպահայ է, երկու քաղցր զաւակներու տէր, այրի, ապաստան գտած է Այնճար:

Ըսի արդէն, Այնճարի սեղանին շուրջ տուած իմ պատասխանս զիս չէր գոհացուցած: Բայց հարցումս – ըստ երեւոյթին – շարունակեր էր խռովել ու քրքրել ենթագիտակիցս ու քիչ առաջ, երբ նուռ կը մաքրէի՝ գտայ պատասխանս: Աւելի ճիշդը, քիչ առաջ, երբ նուռ կը մաքրէի անդրադարձայ որ Նոր Տարուան առթիւ հասցէատէր ունիմ, որուն պէտք է գրեմ եւ մանաւանդ ի՛ր Նոր Տարին շնորհաւորեմ:Ի յայտ եկաւ որ հասցէատէրս ու հարցումիս պատասխանը այն կարեւորագոյնն էր որ ինծի պատահած էր 2016ին:

Վերջին տասը տարիներուն գրեթէ ամէնամեայ դրութեամբ Հայաստանի Հանրապետութիւն կ’այցելեմ՝ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի շնորհանդէսներուն մասնակցելու, նոր երիտասարդ ու խոստմնալից ուսումնասէրներու հանդիպելու, Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի ամէնամեայ մայիսեան գիտաժողովներուն համար մասնագէտներու հետ հանդիպելու առաջադրանքներով, եւ՝… հայկական ներուժս թարմացնելու, լիցքաւորելու: Անցնող տարի Սեպտեմբերին գացի: Ամէն անգամ ալ դիտողի աչքերով կը նայիմ երեւանեան կեանքին. կը ստուգեմ որ նախորդ տարուան համեմատութեամբ ինչ է բարելաւուած, ո՛ւր տեղքայլ կայ, մեթրոյին վակոնները շատցա՞ծ են: Նոյն բաղդատական դիտողականութիւնը չունիմ սակայն (ինծի նոյնքան եւ աւելի սիրելի) շրջաններուն հանդէպ, որովհետեւ միշտ չէ որ նոյն շրջանները կ’երթամ, եւ հետեւաբար, դժուար է զուգադրում կատարել հինի ու նորի:

Ըստ երեւոյթին վերջին ականատեսածներս մտքիս ծալքերուն մէջ խմորուեր են Սեպտեմբերէն իվեր եւ ահա, քիչ առաջ երբ նուռ կը մաքրէի՝ գտայ թէ ինչի՛ մասին պէտք էր գրէի եւ ո՛վ էր հասցէատէրը գրութեանս: Ասիկա նաեւ պատասխանն էր Այնճարի սեղանին շուրջ իմ ուղղած հարցումիս:

Ուստի, այս գրութեամբս ահա, Ողջոյնի Խօսք կ’ուզեմ ուղղել հայութեան քսանհինգամեայ նորահաս սերունդին: Ասոնք անկախութեան սերունդն են, որոնք սկսած են իբրեւ տեսակարար կշիռ հաստատել իրենց ներկայութիւնը եւ ազդել իրենց միջավայրին:

Ասոնք ուրիշ՝ ոչ-սովետական քաղաքացիներն են. եթէ սովետական քաղաքացին անհոգ էր իր ապրուստին խնդրով (քանի որ պետութիւնը կը հոգար այդ մասին…), ապա այս նոր, քսանհինգամեայ քաղաքացին իր ապրուստին տէրն է. գիտէ՝ ի՛նչ ստեղծագործ ու շինիչ միջոցներու պիտի դիմէ, որ իր ապրուստը ճարէ: Գիտէ որ չի՛ կրնար ու պէտք չէ՛ իր աշխատանքէն ուշանալ, գիտէ որ իր աշխատանքին մէջ պէտք է նախաձեռնո՛ղ ըլլալ ու չձգել որ ամէն ինչ գործատէ՛րը թելադրէ, այլ յաճախ ալ ի՛նք տեսակէտ-մտածում-գաղափար յառաջադրէ ու պայքարի յանուն իր մտասեւեռումին գործադրութեան:

Քսանհինգամեայ այս սերունդը գիտէ մարտահրաւէրները դիմագրաւել. անոնց լուծումը իր արտագաղթելուն, խնդիրը անտեսելուն եւ անպատասխանատու վարուելուն մէջ չի տեսներ, այլ յանձնառու է ամէն  դրական ջանք ընելու՝ յաղթահարելու համար զանոնք:

Այս սերունդը լաւատեսութեամբ կը նայի իր Հայաստանին, իր կերտուող ու կերտելիք կեանքին: Այս սերունդը կը հաւատայ իր Հայաստանին պայծառ ապագային:

Այս սերունդը խորապէս կը գիտակցի այլեւայլ բեմերէ հնչող յանկերգերուն, խօսքերուն, խոստումներուն: Արթուն է մնայուն ու գնայուն իրագործումներուն, էական ու կենսական ներդրումներուն, ժամանակաւոր ու երախտաշատ հայրենասիրութեան:

Ան զգոյշ է ու կը զատորոշէ խօսողին էութիւնը՝ կեղեւէն, ամբոխավար ու հռետորական խօսքը՝ խորիմաստ մտածումէն, գիտէ ի՛նչ ճամբայ որդեգրել՝ երբ, ինչու, ինչպէս, մինչեւ երբ եւ ինչ տարողութեամբ:

Այս սերունդը գիտէ հաւասարակշռել անձնականը, ազգայինն ու համամարդկայինը:

Այս սերունդը տեսիլքն ունի կերտելու իր չքնաղ, իր ուժերէն անդին անցնող, երազային բայց իրապաշտ Հայաստանը:

Այս սերունդը իր սրտին մէջ աւելի մեծ տեղ, մտքին մէջ ըմբռնողութիւն եւ սէր ունի հայուն հանդէպ՝ ուր ալ ան գտնուի:

Այս սերունդը աւելի աշխատասէր է, տոկուն, հետեւողական, լայնամիտ ու հեռատես, գիտէ մեծ ու փոքր շահերը զանազանել:

Չես հասկնար ինչպէս, ուրկէ այսքան խոշոր դրական տեղաշարժ յառաջացած է զինք նախորդող սերունդին ու իր մտադրոյթներուն (mindset) միջեւ: Պարզապէս ասոնք ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՀԱՅԵՐն են, ամենամօտը՝ մեր երազային, մտատիպար հայուն:

Այս սերունդը մկրտուեցաւ 1989ի երկրաշարժի ցաւով, թրծուեցաւ Արցախեան գոյամարտի ոգիով ու տոգորուեցաւ ձեւաւորուող Հայաստանի Հանրապետութեամբ: Իր մորթին վրայ զգաց շատ բան:

Կը ճանչնա՞ք այդ սերունդը, դուք ալ տեսա՞ք անոնցմէ ոմանք, շփուեցա՞ք անոնցմէ ոմանց հետ:

Անոնք միայն Հայաստանի ու Արցախ Հանրապետութիւններուն մէջ չեն ապրիր:

Անոնք մեր շուրջն ալ են:

Այո՛, քսանհինգամեայ հայ սերունդը հո՛ս ալ կայ: Ուշադիր նայեցէք: Չէ, անոնք աւելի փոքրաթիւ չեն հո՛ս՝ Պէյրութի մէջ: Հոս տարբեր են անոնք, ինչպէս տարբեր են անոնք աշխարհի տարբեր հայօճախներուն մէջ: Բայց անոնք կան. ա՛չք պէտք է՝ տեսնելու զանոնք:

***

Յղի մեծ մայրս Գերորդի կոչեր է անապատի աւազին վրայ ծնած իր որդին: Այո՛, գերութեան որդի. չե՞նք յիշեր Ցաւակ անունը, մոռցա՞նք Գաղթուհի անունը…. Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման օրերուն ծնած մանչերէն շատեր Ազատ անուանուեցան: Սիլվա Կապուտիկեանը երբ Պէյրութ այցելեց նորածին աղջիկներ իր անունով մկրտուեցան: Պարոյր Սեւակի արկածահարման օրերուն բազում Սեւակներ ծնան Պէյրութի մէջ:

…Ըսել կ’ուզեմ, թէ ժամանակն ու պայմանները իրենց ազդեցութիւնը կը գործեն եւ կը թրծեն համապատասխան սերունդ: Միջավայրին պարտականութիւնն է ողջախոհ սնունդ տալ այս նորածիններուն:

Հայ ժողովուրդի արգանդը առատ է ստեղծագործ նորածիններով: Իսկ ժողովուրդ մը կը նորոգուի, կը յարատեւէ իր ստեղծագործ նորածիններով: Կը մնայ որ հոգատա՛ր ըլլանք այդ նորածիններուն հանդէպ, օգնենք, թեւեր տանք անոնց, քաջալերենք, ուսուցանենք, խոհեմացնենք, հայկական առիթ ու միջոց տանք անոնց, թա՛փ տանք անոնց եռանդին ….հոգածու ըլլանք անոնց հանդէպ՝ եթէ կ’ուզենք հոգածու ըլլալ մենք մեզի հանդէպ:

Ազգը չի յարատեւեր ովասիսներով, որովհետեւ ովասիսը անապատի մէջ է, ու վայ անոնց որոնք կ’ուզեն ովասիս ըլլալ (եւ ըլլալու համար շուրջը անապատ կը դարձնեն): Վայ անոնց, որոնքկ’ուզեն ամէն գնով թագաւորել՝ թէկուզ/նոյնիսկ անապատի կամ աւերակներու վրայ:

Յաճախ մեզ ծիրանի ծառին նմանցուցեր են. ծիրանով բեռնաւորուա՞ծ, թէ՞ ծիրանազուրկ ծիրանենին է գեղեցիկ:Բաղդատեցէք ծիրանագոյն պտուղներով ճոխացած ծիրանենին՝ չբեր, կանաչած ծիրանենիին հետ (պահ մը կը տատամսիս զայն ծիրանենի իսկ կոչել):

Ընտանիքին ծաղիկն ու կեանքը զաւակն է: Ազգը կենսունակ ու գեղեցիկ է իր երիտասարդ սերունդներով: Այսօր, Սփիւռքի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի մէջ յառաջացած է քսանհինգամեայ սերունդ: Այս սերունդը քսանհինգ տարեկան չէ միայն. նոյն կոհակին մէջ կը դառնան նաեւ մինչեւ 30-35 տարիքը թեւակոխած երիտասարդ-երիտասարդուհիներ: Կան եւ աւելի տարիքոտները: Աւելի մեծ է թիւը անոնց որոնք աւելի կրտսե՛ր տարիք ունին՝ քսանհինգէն վար:

Շնորհաւոր ձեր Նոր Տարին, ձեզ մատա՜ղ՝ նորագոյն հայեր:

Ձեր իրագործումին կ’ուզեմ վստահիլ ու հաւատալ ձեզ նախորդած որեւէ սերունդէ աւելի:

Դուք ամենամօտն էք մեր երազած հայու մտատիպարին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին