ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան այցելեց ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի մարտական յենակէտ:
Կարէն Կարապետեան շնորհաւորեց զինծառայողները գալիք տօներուն առիթով եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անձնուէր ծառայութեան համար:
Վարչապետը նշեց, որ «ժողովուրդը կը հպարտանայ մեր զինուորներով, որոնք պատուով եւ պատասխանատուութեամբ կը պաշտպանեն մեր պետական սահմանները»:
«Մենք շատ լաւ երկիր ենք ունենալու, որեւէ կասկած երբեւէ չունենաք, անկախ նրանից, թէ ինչ դժուարութիւն ունենք, ինչ խնդիր ունենք: Մենք չափազանց շահագրգռուած ենք, որ դուք ձեր ծառայութիւնը, ձեր պարտքը կատարելուց լինեք հպարտ, որովհետեւ աւելի մեծ բաւարարուածութիւն իր երկիրը սիրող մարդու մօտ չի կարող լինել, եթէ ինքն իր երկրի ծառան է», – ըսաւ վարչապետը:
Անդրադառնալով հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանին ազերիներու ներթափանցման փորձին, Կարէն Կարապետեան նշեց, որ դիրքի անձնակազմը սխրանքի ու անձնազոհութեան գինով լուծած է իր առջեւ դրուած խնդիրը` պաշտպանելով երկրի սահմանները: